Պաղեստինի Համաս խմբաւորման՝ շաբաթ օր սկսած անակնկալ յարձակման հետեւանքով Իսրայէլի մարդկային կորուստները գերազանցած են 1,200-ը: Ինչպէս նշած է france24.com, այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանական ուժերու խօսնակ Ժոնաթան Քոնրիքուսը:
Վերջինս մանրամասնած է, որ զոհերու մեծամասնութիւնը խաղաղ բնակիչներ են:
Մինչդեռ Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհերու թիւը գերազանցած է 950-ը, աւելի քան 5 հազար մարդ վիրաւորուած է։ Այս մասին յայտնած է Կազայի հատուածի առողջապահութեան նախարարութիւնը։ Յայտնի է, որ զոհերու մէջ կան երկու հարիւրէ աւելի երեխաներ: