Իսրայէլի հետ լարուածութեան աճի պատճառով Պէյրութի օդակայանին մէջ թռիչքները չեղարկուած կամ յետաձգուած են։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Al Jazeera»-ն։
Լիբանանեան «Middle East Airlines» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած է, որ չուացուցակի փոփոխութիւնները պայմանաւորուած են ապահովագրական վտանգնրով։
«Lufthansa» օդանաւային ընկերութիւնն ալ յայտարարած է, որ դադրեցուցած է «Swiss International Air Lines», «Eurowings» եւ «Lufthansa» խումբի փոխադրողներու կողմէ Պէյրութ եւ հակառակ ուղղութեամբ հինգ թռիչքներու իրականացումը մինչեւ յուլիսի 30-ը ներառեալ՝ նախազգուշական նպատակներով:
Յիշեցնենք` յուլիս 27-ին յայտնի դարձաա, որ Իսրայէլի կողմէ վերահսկուող Կոլանի բարձունքները հրթիռակոծուած են Լիբանանի կողմէ։ Իսրայէլեան կողմը մեղադրած է լիբանանեան «Հըզբպալլա» շարժումը: Կազմակերպութիւնը, սակայն, հերքած իր մասնակցութիւնը։
Աւելի ուշ յայտնի դարձաա, որ Իսրայէլ հարուածած է «Հըզպալլա»ի շարք մը կառոյցներ։ «Հըզպալլա»ի պատասխանը չուշացաւ. շարժումը գրոհեց իսրայէլեան բանակի դիրքերը Մանարա եւ Շթուլա սահմանային բնակավայրերու մէջ: