image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի հետ լարուածութեան պատճառով Պէյրութի օդակայանին մէջ չեղարկուած են տասնեակ թռիչքներ

Իսրայէլի հետ լարուածութեան պատճառով Պէյրութի օդակայանին մէջ չեղարկուած են  տասնեակ թռիչքներ

Իսրայէլի հետ լարուածութեան աճի պատճառով Պէյրութի օդակայանին մէջ թռիչքները չեղարկուած կամ յետաձգուած են։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Al Jazeera»-ն։

Լիբանանեան «Middle East Airlines» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած է, որ չուացուցակի փոփոխութիւնները պայմանաւորուած են ապահովագրական վտանգնրով։

«Lufthansa» օդանաւային ընկերութիւնն ալ յայտարարած է, որ դադրեցուցած է «Swiss International Air Lines», «Eurowings» եւ «Lufthansa» խումբի փոխադրողներու կողմէ Պէյրութ եւ հակառակ ուղղութեամբ հինգ թռիչքներու իրականացումը մինչեւ յուլիսի 30-ը ներառեալ՝ նախազգուշական նպատակներով:

Յիշեցնենք` յուլիս 27-ին յայտնի դարձաա, որ Իսրայէլի կողմէ վերահսկուող Կոլանի բարձունքները հրթիռակոծուած են Լիբանանի կողմէ։ Իսրայէլեան կողմը մեղադրած է լիբանանեան «Հըզբպալլա» շարժումը: Կազմակերպութիւնը, սակայն, հերքած իր մասնակցութիւնը։

Աւելի ուշ յայտնի դարձաա, որ Իսրայէլ հարուածած է «Հըզպալլա»ի շարք մը կառոյցներ։ «Հըզպալլա»ի պատասխանը չուշացաւ. շարժումը գրոհեց իսրայէլեան բանակի դիրքերը Մանարա եւ Շթուլա սահմանային բնակավայրերու մէջ: