image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի բանակն առանց սահմանափակման կը թիրախաւորէ դեղին գօտիի տարածքին մէջ գտնուող «Համաս»-ի անդամները. Քաց

Իսրայէլի բանակն առանց սահմանափակման կը թիրախաւորէ դեղին գօտիի տարածքին մէջ գտնուող «Համաս»-ի անդամները. Քաց

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պիտի ոչնչացնէ «Համաս»ի փապուղիները եւ բոլոր ահաբեկիչները՝ Կազայի մէջ Իսրայէլի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ։ «Արմենփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Քաց նշած է իր X-ի էջին կատարծ գրառման մէջ։

«Իսրայէլի քաղաքականութիւնը Կազայի մէջ յստակ է. Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կ՚աշխատի փապուղիները ոչնչացնելու եւ «Համաս»ի ահաբեկիչները առանց որեւէ սահմանափակման վերացնելու ուղղութեամբ մեր վերահսկողութեան տակ գտնուող դեղին գօտիին մէջ »,-նշած է ան։

Քացի խօսքով՝ նպատակը բոլոր զոհուած պատանդներու վերադարձին զուգահեռ, «Համաս»ի զինաթափումն ու Կազայի ապառազմականացումն ապահովելն է։

The Times of Israel-ի հաղորդմամբ՝ համաձայն իսրայէլեան գնահատականներու՝  «Համաս»-ի մօտ 200 զինեալ անդամ ներկայիս կը գտնուին Կազայի հատուածի հարաւը՝ Իսրայէլի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու տակ եղող փապուղիներուն մէջ, մասնաւորաբար՝ Ռաֆահի մէջ, եւ չեն կրնար նահանջել «Համաս»ի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ՝ առանց փապուղիներէն դուրս գալու եւ իսրայէլեան զօրքերու կողմէ նկատուելու։

 

Վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած է, որ Իսրայէլը անոնց անվտանգ անցում պիտի չապահովէ։ Ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի շտաբի պետ զօրավար-գնդապետ Էյալ Զամիրը քաղաքական պաշտօնեաներուն խորհուրդ տուած է, որ Իսրայէլը Ռաֆահէն գրոհայիններու անվտանգ անցման համար պայման դնէ զօրաբանակի փոխգնդապետ Հատար Կոլտինի մարմնի վերադարձը, որ մահացած էր 2014 թուականին Կազայի մէջ «Համաս»ի դէմ մարտերուն եւ որուն մարմինը կը պահուի այդ ժամանակէն ի վեր։