image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ մտադիր է լայնածաւալ գրոհի անցնիլ

Իսրայէլ մտադիր է լայնածաւալ գրոհի անցնիլ

Պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը յայտարարած է, որ Իսրայէլը Կազայի հատուածի դէմ լայնածաւալ յարձակման կ'անցնի, գրած է Times of Israel-ը։

«Ես վերացուցած եմ բոլոր սահմանափակումները, մենք վերահաստատած ենք վերահսկողութիւնը տարածքի վրայ եւ կ'անցնինք լայնածաւալ յարձակման», -ըսած է Կալանթը Կազայի սահմանին գտնուող զօրքերուն: «Դուք հնարաւորութիւն պիտի ունենաք փոխել այստեղի իրականութիւնը: Դուք տեսեր էք գիները (որոնք կը վճարուին) եւ դուք պիտի տեսնէք փոփոխութիւններ։ Համասը փոփոխութիւն կ'ուզէր Կազայի մէջ, այն 180 աստիճանով պիտի փոխուի համեմատ անոր, ինչ ան կը մտածէր»:

«Անոնք պիտի զղջան այս պահի համար, Կազան երբեք պիտի չվերադառնայ անոր, ինչ եղած է։ Ով ալ որ գայ Հոլոքոսթէն փրկուած կանանց գլխատելու եւ սպանելու, մենք անոր կ'ոչնչացնենք մեր ամբողջ ուժով եւ առանց փոխզիջման»,-աւելցուցած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարը։