image

Ազդեցիկ նախաձեռնող՝ Կոնստանտին Սոկոլով, մտադիր է պղինձ արտահանել ԱՄՆ

Ազդեցիկ նախաձեռնող՝ Կոնստանտին Սոկոլով, մտադիր է պղինձ արտահանել ԱՄՆ

Ամերիկացի նախաձեռնող՝Կոնստանտին Սոկոլով, որ ձեռք բերած է Հայաստանի մեծութեամբ երկրորդ՝ Թեղուտի պղնձահանքը, կը նախատեսէ արդիականացնել արտադրութիւնը, զգալիօրէն բարձրացնել արտադրական ծաւալները եւ յաջորդ տարուընէ հանքավայրին արտադրանքը Չինաստանի փոխարէն արտահանել Միացեալ Նահանգներ։ Ծրագիրը կը զուգադիպի հայ-ամերիկեան տնտեսական գործակցութեան ընդլայնման եւ Հայաստանի ռազմավարական հանքային պաշարներուն նկատմամբ միջազգային հետաքրքրութեան աճին։

Ամերիկացի ներդրող Կոնստանտին Սոկոլով, որ կը ղեկավարէ TRIPP նախագծին առնչուող TRIPP+ զարգացման հիմնադրամը, կը ծրագրէ ընդլայնել իր ներդրումները Հայաստանի պղնձի արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ եւ յաջորդ տարուընէ Թեղուտի հանքավայրին արտադրանքը Չինաստանի փոխարէն արտահանել Միացեալ Նահանգներ։ 

Այս մասին ան յայտնած է «Պլումպըրկ» (Bloomberg) գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին։

Ամերիկեան «Dynamic Frontier» ներդրումային ընկերութիւնը, որ Սեպտեմբերին ձեռք բերած է Հայաստանի մեծութեամբ երկրորդ՝ Թեղուտի պղնձահանքը, կը ծրագրէ արդիականացնել հանքավայրին արտադրական համակարգը եւ բարձրացնել արտադրութեան ծաւալները։ «Պլումպըրկ»-ի հրապարակումը ընկերութեան ղեկավար Կոնստանտին Սոկոլով տարածած է նաեւ իր «LinkedIn» ընկերային ցանցի էջին վրայ։

Սոկոլով իր գրառման մէջ նշած է. «Ուրախալի է տեսնել, որ «Պլումպըրկ» կ՚անդրադառնայ Հայաստանի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կարեւորագոյն հանքարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններէն մէկը վերագործարկելու իմ ծրագիրներուս։ Այս նախաձեռնութիւնը պիտի նպաստէ Հայաստանի տնտեսական աճին եւ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ պիտի դիւրացնէ ամերիկեան կողմին հասանելիութիւնը կենսական նշանակութիւն ունեցող հանքային պաշարներուն։

ԱՄՆ-ի մէջ գործող իմ «Dynamic Frontier» ներդրումային ընկերութիւնս Սեպտեմբերին ձեռք բերաւ Թեղուտի պղնձահանքը՝ Հայաստանի մեծութեամբ երկրորդ հանքավայրը։ Մեր նպատակն է շարունակել անոր արդիւնաւէտ շահագործումը՝ միաժամանակ ներդրումներ կատարելով արդիականացման եւ արտադրութեան ծաւալներու մեծացման ուղղութեամբ։ Կը նախատեսենք ստեղծել ձեռնարկութիւն մը, որ կարենայ մրցիլ համաշխարհային մակարդակի վրայ եւ երկարաժամկէտ արժէք ստեղծել տեղական համայնքին համար»։

Ներդրողին համաձայն՝ գործարքին գլխաւոր նպատակներէն մէկը Հայաստանի կարեւորագոյն հանքային պաշարները ամերիկեան մատակարարման շղթաներուն միացնելն է։

Սոկոլով կը նախատեսէ տարեկան պղինձի խտանիւթի արտադրութիւնը հասցնել 120-130 հազար թոննայի, որ կը համապատասխանէ շուրջ 26-28 հազար թոննա մաքուր պղինձի։ Արտադրական նոր կարողութիւնները նախատեսուած է շահագործման յանձնել 2030-ին, իսկ ամբողջական արտադրողականութեան հասնիլ՝ 2031-ին։

Ծրագրուած արտադրութեան ծաւալը աւելի քան կրկնապատիկը պիտի ըլլայ հանքավայրին նախնական նախագծային կարողութեան, որ կը կազմէր տարեկան մինչեւ 50 հազար թոննա պղնձի խտանիւթ։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան յուշագիրը նկատելով տարածաշրջանին համար բացառիկ եւ վերափոխիչ իրադարձութիւն մը՝ Սոկոլով ընդգծած է, որ մեծ հետաքրքրութիւն ունի իր գործունէութիւնը ամբողջ տարածաշրջանին մէջ ընդլայնելու նկատմամբ՝ միշտ խորապէս հաւատալով անոր ներուժին՝ որպէս մէկ ամբողջութեան։

Թեղուտի հանքավայրին սեփականատիրոջ փոփոխութեան մասին յայտնի դարձած էր Յուլիսին։ Ամերիկեան «Dynamic Frontier Holdings» ընկերութիւնը դարձած էր հանքավայրը շահագործող «Կուպրար» ընկերութեան բաժնետէրերէն մէկը։ Մինչ այդ, հանքավայրին գլխաւոր բաժնետէրն ու վարկատուն ռուսական պետական «ՎԹԲ» դրամատունն էր, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն տակ։

Հետաքննող լրագրողներու միջազգային համախմբումին՝ ICIJ-ի տուեալներով՝ ԱՄՆ-ի գանձապետարանի Օտարերկրեայ Ակթիւներու Վերահսկողութեան Գրասենեակը (OFAC) Յունիս 1-ին ամերիկեան ընկերութեան արտօնագիր տուած էր հանքավայրին բաժնետոմսերն ու պարտքային պարտաւորութիւնները ձեռք բերելու համար։

Թեղուտի հանքավայրին արդիւնաբերական շահագործումը սկսած էր 2014-ի Դեկտեմբերին։ Սակայն 2018-ի Փետրուարին աշխատանքները դադրեցուած էին, որուն հետեւանքով աւելի քան հազար մարդ կորսնցուցած էր իր աշխատանքը։

Կոնստանտին Սոկոլով ծնած է 1975-ին, Լենինկրատի մէջ։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ան տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ։ Ան ներդրումային ընկերութիւններու հիմնադիր է եւ Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան խոշոր օփերաթէօր «Վիվա Արմենիա»-ի բաժնետէրերէն մէկը։

Յուլիսին ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութիւնը զինք նշանակած էր աւելի քան 200 միլիոն տոլար արժողութեամբ տարածաշրջանային ձեռնարկատիրական հիմնադրամի մը տնօրէն։ Հիմնադրամը ներդրումներ կը կատարէ Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ կարեւոր հանքային պաշարներու ոլորտներուն մէջ։

«The Guardian» թերթի հրապարակման համաձայն՝ Տանըլտ Թրամփի երկրորդ նախագահութեան ընթացքին Սոկոլով հանրապետականներուն նուիրաբերած է աւելի քան 12 միլիոն տոլար։ Ան եղած է նաեւ Սպիտակ տան նոր պարասրահին կառուցման ֆինանսական աջակիցներէն մէկը։