Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն ուղերձ յղած է լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման գլխաւոր քարտուղար Հասան Նասրալլային։ Ան համապատասխան յայտարարութիւնը ըրած է՝ օտարերկրեայ դեսպաններուն ցոյց տալով սահմանամերձ շրջանները։
«Նասրալլան պէտք է հասկնայ, որ յաջորդն ինքն է», -ըսած է Արտաքին գործոց նախարարը:
Քոհենն ըսած է, որ «Հըզպալլա»-ն պէտք է ենթարկուի 2006 թուականին ՄԱԿ-ի հրադադարի համաձայնագրին, որ կը պահանջէ շարժման ուժերը ետ քաշել սահմանային տարածքէն:
«Մենք կը գործենք դիւանագիտական տարբերակն առաւելագոյնս օգտագործելու համար: Բայց եթէ այդ չաշխատի, բոլոր տարբերակները սեղանին են»,-աւելցուցած է Քոհենը: