Իսրայէլեան աղբիւրներէ առնելով իր տեղեկութիւնները «Ռօյթըրզ» լրատուականը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ այսօր 7000 պահեստային ուժ զօրաշարժի ենթարկած է։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարութեան որոշումով, այդ ուժերը Կազայի հետ սահմանային հատուած պիտի տեղափոխուին։
«Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ այսօր Պաղեստին-իսրայէլեան պատերազմի 4-րդ օրն է։