Լիբանանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը հաստատակամօրէն կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Լիբանանի մէջ։
Այս մեծ կազմակերպութիւնը առաջնորդութեամբ ՀԲԸՄ Լիբանանի մարմնի նախագահ Ժերար Թիւֆէնքեանին, ՀԵԸ մարմնի ատենապետ՝ Տիար Վիգէն Չերչեանին կարողացած են կարեւոր ձեռքբերում մը գրանցելով ապահովել արմատներով Լիբանանցի եւ Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացի «Ուալիտ Պըն Թալալ» հիմնարկութեան նեցուկը վարժարանին մէջ նոր դասարաններ կառուցելու առընթեր։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ՀԲԸՄ-ի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Սոյն միջոցառման գլխաւոր հիւրը եղած է նշեալ բարեսիրական հիմնարկութեան Լիբանանի տնօրէն՝ Լայլա Սոլհ Համատէ, իսկ հրաւիրեալներու կարգին եղած են Լիբանանցի քաղաքական դէմքեր (նախարար եւ երեսփոխաններ)։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ «Ուալիտ Պըն Թալալ» հիմնարկը առաջին անգամը չէ, որ նեցուկ կը կանգնի լիբանանահայ միութիւններու եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն։
Իսկ այն, որ ՀԲԸՄ-ը այսօր եւս կը համարուի համահայկական կարեւորագոյն միութիւնը Լիբանանի մէջ, այդ մէկը վկայութիւնէ անդին փաստացի տուեալ է։
Յաջողութիւն մեր հայրենակիցերուն։