Օրերս «Foreign Affairs» պարբերականը բաւականին ծաւալուն յօդուած մը հրապարակած է Իրանի մասին, թէ Խամենեիէն ետք արդեօք ով կրնայ գրաւել երկրին հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը:
«Արեւելք» իր ընթերցողներու ուշադրութեան թարգմանաբար կը ներկայացնէ յօդուածին հիմնական մասերը։
Արեւմուտքի վերլուծաբանները կ'ակնկալէին, որ Իրանի մէջ վերջին ինը ամիսներու ընթացքին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը յանգեցնեն քաղաքական փոփոխութիւններու, ապա պետութեան փլուզումի, սակայն ակնկալուածը չեղաւ։ Ցոյցերը մարեցան, եւ ցուցարարները որեւէ վտանգ չներկայացուցին: Այսօր Իրանի վենրախաւը մտահոգ է, թէ ով պիտի յաջորդէ Գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ՝ Այաթոլլա Ալի Խամենեին: Ճիշդ է, թէ Խամենեին ներկայիս առողջ է, բայց ան 84 տարեկան է եւ կը տառապի առողջական խնդիրներէ:
Իսկ Գերագոյն հոգեւոր առաջնորդի ընտրութեան ձեւը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ շատ յստակ է: Ըստ Իրանի սահմանադրութեան՝ Փորձագէտներու խորհուրդը (կազմուած 88 հոգեւորականներէ) կը հաւաքուին, ժամանակ կը տրամադրեն ուսումնասիրելու, եւ քուէ կու տան յարմար թեկնածուներէն մէկուն։ Ի հարկէ, այնքան ալ դիւրիւն չէ ընտրութիւնը, մանաւանդ որ խորհուրդի անդամներու 60 տոկոսը 70 տարեկանէն վեր է, միայն քանի մը անդամ իրական քաղաքական ազդեցութիւն ունի, մինչդեռ մեծամասնութիւնը կամ բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներու գործակալներ են, կամ ռեժիմի կողմնակիցներ, կամ անվտանգութեան եւ ռազմական ղեկավարներ, որոնք իրականութեան մէջ կը վերահսկեն պետական կառոյցները: Հետեաւաբար անոնք պառակտուած են եւ համաձայնութեան հասնիլը դժուար:
Հաւանաբար Խամենեիի յաջորդը ընտրուելու մրցակցութիւնը թէժ պիտի ըլլայ մասնաւորապէս երկու հիմնական հոսանքներուն միջեւ՝ Պահպանողականներուն եւ Բարեփոխիչներուն: Իրանը թերեւս գտնուի նոյն այն իրավիճակին մէջ, ինչպէս 1989-ին, երբ ընտրուեցաւ Խամենեին: Հաւանական է որ յայտնուին դաշինքներ, սակայն ի վերջոյ յաղթանակը տանողը ըլլայ անսպասելի թեկնածու մը:
1980-ականներու վերջաւորութեան քիչերը կ'ակնկալէին, որ Խամենեին կը դառնայ Խումէյնիի յաջորդը, որպէս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ:
Խամենեին այն ժամանակ միջին մակարդակի հոգեւորական էր, որ չունէր սահմանադրօրէն պահանջուած որակաւորումները առաջնորդ դառնալու: Նոյնիսկ Խումէյնին, (1988-ին բաց նամակով) կը հաստատէր, որ Խամենեին նախապէս չունէր կրօնական վարդապետութեան ճիշդ ըմբռնում:
Վստահ, որ Խամենեին ունէր ընկերներ եւ բաւականաչափ ուժ, որոնք օգնեցին անոր հասնելու նախագահի պաշտօնին 1981 եւ 1985-ի նախագահական ընտրութիւններուն։ Բայց այն ժամանակ նախագահը իշխանութիւն չունէր, եւ դերը միայն խորհրդանշական էր։ Խամենեին կը պատկանէր աջակողմեաններուն, որոնք կը կարծէին, որ Գերագոյն հոգեւոր առաջնորդը բարձր չէ աւանդական կրօնական օրէնքներէն: 1987-ին, Խումէյնին յանկարծակիօրէն Յեղափոխական կոմիտէներու ղեկավարութիւնը, որ այն ժամանակ անվտանգութեան ամենավտանգաւոր ուժն էր երկրին մէջ, յանձնեց ձախակողմեաններուն:
Խամենեին պաշտօնին հասնիլը կը համարուի առեղծուած այն պատճառով, որ Փորձագէտներու խորհուրդի ընթացակարգերը կը մնան գաղտնի: Խումէյնիի մահէն ընդամէնը երկու ամիս առաջ, ձախակողմեանները սկսան արշաւ մը բեկանելու Մունթազերի Խումէյնին, որպէս յաջորդ առաջնորդ պաշտօնապէս նշանակուիլը, ինչ որ թափուր ձգեց առաջնորդի աթոռը: Փորձագէտներու խորհուրդը արտակարգ դռնփակ նիստ գումարեց: Սկիզբը, քննարկեցին մէկ առաջնորդի փոխարէն քանի մը առաջնորդ նշանակել, բայց առաջարկը ձախողեցաւ, եւ անդամները մերժեցին իշխանութիւնը բաժնելու սկզբունքը։ Յետոյ անոնք դէմ քուէարկեցին ժամանակի ամենայայտնի հոգեւորականներէն քանիներու, որոնց մէջն էր Փորձագէտներու խորհուրդի ղեկավար Ալի Միշքինին: Ի վերջոյ, ըստ տեղեկութիւններու, անդամները առաջարկած են պատահական անուններ, անոնց կարգին՝ Ալի Խամենեին: Այդ ժամանակ, խորհրդարանի նախագահ Ալի Աքպար Հաշիմի Ռաֆսանժանին աջակցած է Իրանի նախագահին։ Աջակողմեանները դեռ կայուն չէին, սակայն ան յաջողած է ապահովել կարգ մը ձախակողմեաններու ձայները յօգուտ Խամենեին։
Խամենեիի ընտրութենէն ետք, վերանայուեցաւ Իրանի սահմանադրութիւնը, նպատակ ունենալով Գերագոյն առաջնորդին տալ կառավարելու աննախադէպ իշխանութիւն: Այս մանտաթը հաստատուեցաւ վիճայարոյց հանրաքուէով։ Նոր առաջնորդը իշխանութեան գալով անմիջապէս սկսաւ հեռացնել իր «թշնամիներ»ը։
Նոր առաջնորդի ղեկավարութեան առաջին երեք տարիներուն, ան հեռացուց ձախակողմեան պաշտօնեաները գրեթէ բոլոր առանցքային պաշտօններէն։ Նշանակեց նոր ընդհանուր դատաւոր: Ան նաեւ ձեռնարկեց պաշտօնանկութեան եւ ձերբակալութեան արշաւի Յեղափոխական պահակագունդի առաջնորդներուն դէմ. ձախակողմեանները հեռացուց խորհրդարանական ընտրութիւններէն: Եւ քանի մը տարուան ընթացքին Խամենեին դարձաւ Իրանի քաղաքական կեանքի մէջ հիմնական առաջնորդ:
Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը չյաջողեցաւ հիմնելու կուսակցութիւն կամ կազմակերպութիւն մը, որ ղեկավարէ երկրի վերնախաւի հարցերն ու գործերը։ Յեղափոխութենէն ետք լուծուեցան երկու կարեւորագոյն քաղաքական կուսակցութիւնները՝ Իսլամական Ժողովրդական կուսակցութիւնը եւ «Մուճահիտու Խալք» կազմակերպութիւնը, ներքին տարակարծութիւններու պատճառով։ Ինչպէս նաեւ «Ծայրայեղական հոգեւորականներու միութիւն»ը, որ Իրանի ամենայայտնի կրօնական կազմակերպութիւնն էր, բաժնուեցաւ ձախակողմեան եւ աջակողմեան խմբակցութիւններու:
Իրանի մէջ, ոչ պաշտօնական իշխանութիւնը միշտ աւելի մեծ եղած է, քան պաշտօնական գրասենակային (պիւրոքրաթ) կազմակերպութիւնները, ինչ որ պատճառ կ'ըլլայ, որ անձնական վէճերը աւելի կարեւոր դառնան քան հաստատութենականները: Եւ այս անձնական մարտերը հազուադէպ թէ ըլլան քաղաքական կամ գաղափարական խնդիրներու շուրջ: Ընդհակառակը, իշխանութեան ձգտումը, անձնական շահամոլութիւնները պետական եւ տնտեսական միջոցներու նկատմամբ կը յանգեցնեն վերնախաւին մէջ պայքարի: Անշուշտ այս տարաձայնութիւններու բնոյթը, վերնախաւի ներքին պայքարը, վտանգի պիտի ենթարկեն անոնց կառավարելու կարողութիւնը: Եւ այդ ակնյայտ էր վերջին նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ, 2021 թուականի յունիսին, երբ Բարեփոխիչ հոսանքի առաջնորդներ պոյքոթ ըրին եւ չմասնակցեցան ընտրութիւններուն։ Կարգ մը Պահպանողական կողմի թեկնածուներ լուրեր տարածեցին, որ Իպրահիմ Ռայիսին որակազրկուած է, ըսելով թէ, Խամենեին խանգարած է անոր առաջադրուիլը։ Ճիշդ է, ի վերջոյ Ռաիյսին յաղթեց, բայց Պահպանողականներուն մէջ տարաձայնութիւնները այնքան սուր էին, որ նոր նախագահը չկրցաւ նշանակել իր փոխնախագահը մինչեւ իր ընտրութենէն երկու ամիս ետք: Նաեւ քանի մը ամիս տեւեց Կեդրոնական դրամատան նոր ղեկավարի նշանակումը, երբ 2022 թուականի դեկտեմբերին իրանական արժոյթի փլուզումէն ետք ստիպուած փոխարինուեցաւ:
Իրականութեան մէջ, Իրանի քաղաքական կեանքի քաոսը կար Խամենեյի առաջ ալ, սակայն ան շատ բան չըրաւ ռեժիմը հաստատելու առումով, ընդհակառակը, Խամենեին հաստատեց տեսակ մը անհատական կառավարութիւն:
Ինչ որ կ'աւելցնէ ներկայ իրավիճակի անորոշութիւնը, այն որ Իրան դարձած է պարարտ հող ներքին խռովութիւններու համար, բայց եւ այնպէս ժամանակակից վերնախաւը պատրաստ չէ այս պահուն անկէ օգտուելու, եւ այդ ապացուցուեցաւ 2022 թուականին բռնկուած բողոքի ցոյցերէն անոր նահանջումով։
Նիւթը «Արեւելք»ի համար արաբերէնէ թարգմանեց՝
Թ. Գասպարեան