image

ԱՄՆ-ի Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը երկար պիտի չտեւէ. Foreign Affairs

ԱՄՆ-ի  Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը երկար  պիտի չտեւէ. Foreign Affairs

Ամերիկեան «Foreign Affairs» թերթի լրագրող Արոն Շթայն անդրադարձած է Աֆրինի մէջ թրքական «ձիթենիի ճիւղ»ին, եւ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի ապագայ ներկայութեան:

Հեղինակը պատմած է, թէ նախորդ շաբաթ սուրիական Աֆրին քաղաքին մէջ սկիզբ առին թրքական ուժերու ռազմական գործողութիւնները, բան մը, որ քննարկումներու դուռ բացաւ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի վարած ռազմավարութեան, եւ մանաւանդ այն հանգամանգին շուրջ, թէ արդեօք ԱՄՆ պիտի կարողանա՞յ Թուրքիոյ եւ սուրիացի քիւրտերու հետ իր յարաբերութիւնները հաւասարակշռուած վիճակի մէջ պահել:

Անդրադառնալով Սուրիոյ ճգնաժամէն Ասատի յաղթական դուրս գալու անքննարկելիութեան, հեղինակը առաջ քաշած է այն հարցը, թէ արդեօք ԱՄՆ ինչպէ՞ս պիտի ընդունի այդ յաղթանակն ու դուրս գայ Սուրիայէն:

Յօդուածագիրը կարծիք յայտնելով շեշտած է, որ ԱՄՆ Սուրիոյ մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքար մղելով կը միտի վերջինիս տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններն աստիճանաբար իր իշխանութեան տակ առնել, որովհետեւ ինչպէս Իրան եւ Ռուսիա, ԱՄՆ նոյնպէս աննպատակ պայքար չո մղեր Սուրիոյ մէջ:

Ըստ երեւոյթին, Սուրիոյ մէջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան առանցքը Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերն են: Ակնյայտ է, որ Ռուսիա դէմ է Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ ուժերը պահելուն, սակայն նկատի ունենալով, որ պէտք է հաւասարակշռութիւն պահէ իր քաղաքական նպատակներուն եւ Ասատը իշխանութեան գլուխ պահելուն միջեւ, Ռուսիա նկատի կ'առնէ այն հանգամանքը, որ Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերը, ի տարբերութիւն ընդդիմադիր ուժերուն, երբեք չեն ձգտած իշխող վարչակարգը փոխելու:

Հեղինակը կարծիք յայտնած է, որ Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերուն եւ կառավարութեան միջեւ համաձայնութեան կնքումն այնքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ, որովհետեւ քիւրտերը ինքնիշխանութեան կը ձգտին, մինչդեւ Ասատ կը մերժէ այդ գաղափարը:

Ակնյայտ է սակայն, որ ամերիկեան ուժերու ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ երկար պիտի չտեւէ, որովհետեւ Սուրիոյ բանակը զգալի յառաջխաղացում կ'արձանագրէ, իսկ ԱՄՆ պիտի պարտաւորուի քրտական ուժերուն եւ կառավարութեան միջեւ միջնորդի դեր կատարել ու հեռանալու: Իր հերթին Ռուսիա ինք եւս պիտի մասնակցի հաշտեցման գործին, թէեւ երկու գերտէրութիւնները Ասատի իշխանութեան գլուխ մնալուն շուրջ տարբեր համոզմունքներ կը դրսեւորեն: