Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն չէ կատարած Կազայի հատուածին մէջ ռազմական գործողութիւնը սկսելէն ետք տուած խոստումն առ այն, որ պաղեստինեան արմատական «Համաս» շարժումը պիտի ոչնչացուի։ Այս կարծիքն արտայայտուած է Foreign Affairs ամսագրի յօդուածին մէջ, ըստ որու՝ Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլեան գործողութեան նպատակները չեն իրականացուած։
Աղբիւրի գնահատմամբ՝ «Համաս»-ը պահպանած է ռազմական եւ քաղաքական ներուժը, հակառակ ահռելի զոհերուն՝ ե՛ւ զինեալներու, եւ քաղաքացիական անձանց շարքերէն։
Յօդուածին մէջ ըսուած է, որ Իսրայէլի հասարակութեան մէջ կ՚աճի դժգոհութիւնը Նաթանիահուի քաղաքականութենէն. մտավախութիւն կայ, որ անկլաւին մէջ յունուար 19-ին ուժի մէջ մտած զինադադարը «կրնայ թոյլ տալ «Համաս»-ին գոյատեւել եւ արագ վերականգնել վերահսկողութիւնը Կազայի վրայ՝ ապագային»:
Իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կտրուկ վատթարացած է 2023 թուականի հոկտեմբեր 7-ին Կազայի հատուածէն Իսրայէլի տարածք «Համաս»-ի զինեալներու ներթափանցումէն ետք, որ ուղեկցուած է սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչներու սպանութեամբ եւ աւելի քան 240 պատանդ վերցնելով։ Իսրայէլն ի պատասխան սկսած է ռազմական գործողութիւն, որու հետեւանքով Կազայի մէջ զոհուած է աւելի քան 47,000 մարդ: