Ամերիկեան «Foreign Affairs» ամսագիրը յայտարարած է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կրած պարտութենէն ետք աշխարհն աւելի անվտանգ չդարձաւ, շեշտելով, որ նոյն ինք՝ ԱՄՆ «Տահէշ»ի դէմ մղուած պայքարը յաջողութեամբ պսակուելէ ետք աւելի անվտանգ չդարձաւ, որուն պատճառն այն է, որ շարք մը երկիրներու մէջ տեղի ունեցող պատերազմական գործողութիւնները պատճառ դարձան ծայրայեղական խմբաւորումներու տարածման:
Ամսագիրը նշած է, որ «Տահէշ»ի պարտութիւնը յստակ դարձած էր նախորդ հոկտեմբեր ամիսէն իսկ, սակայն յստակ է նաեւ, որ այն պիտի վերակազմաւորուի, բան մը, որ աւելի վտանգաւոր պիտի դառնայ ԱՄՆ-ի համար, քան անցեալին էր:
Ամսագիրին համոզմամբ, «Տահէշ» 2011 թուականէն ի վեր կազմաւորուած հարիւրաւոր ծայրայեղական խմբաւորումներէն մէկը չէ, որոնք համանման հեռանկարներ ունին, այլ ան կը հաւատայ զէնքի ուժին ու Միացեալ Նահանգները խոչընդոտ կը համարէ իր ընդլայնման ճամբուն:
Ամսագիրը կարծիք յայտնած է նաեւ, որ «Տահէշ»ի վերջնական պարտութեան պարագային, մեծ թիւով ճիհատիստական խմբաւորումներ առաջ պիտի գան, եթէ անոնց գոյատեւման պայմանները շարունակուին: