image

Սէուտական Արաբիոյ յաջորդ թագաւորը Լիբանանի քաղաքականութիւնը կը մշակէ... Այսպէս պիտի ըլլայ Հարիրիի վերադարձը.«Foreign Affairs»

Սէուտական  Արաբիոյ յաջորդ թագաւորը Լիբանանի քաղաքականութիւնը կը մշակէ... Այսպէս պիտի ըլլայ Հարիրիի վերադարձը.«Foreign Affairs»

«Ի՞նչ նշանակութիւն ունի Հարիրիի հրաժարականը Լիբանանի համար» խորագիրը կրող յօդուածը լոյս տեսած է ամերիկեան «Foreign Affairs» ամսագրին մէջ, ուր անդրադարձ կատարուած է վերջին օրերու դէպքերուն եւ սէուտեան կողմի դիրքորոշման:

Յօդուածին մէջ նշուած է, թէ Հարիրիի կողմէ Սէուտական Արաբիա գտնուած ընթացքին հրաժարական ներկայացնելը անկանխատեսելի քայլ էր, եւ   թագաւորութիւնը, որ քաղաքական գետնի վրայ Հարիրիի հովանաւորը կը համարուէր, կը ձգտի Լիբանանի մէջ իր ռազմավարութիւնը վերափոխել, նպատակ ունենալով զգալիօրէն   թուլացնել «Հըզպալլա»ի դիրքերը: Ամսագիրը նկատել տուած է, որ Ռաֆիք Հարիրիի   սպանութենէն ի վեր Լիբանան կը ղեկավարուի «Հըզպալլա»ի, Սուրիոյ եւ Իրանի կողմէ:

Ըստ ամսագրին, Սէուտական Արաբիա Լիբանանի մէջ իր քաղաքականութիւնը վերափոխման ենթարկելու նախագիծը    «ոտքի հանեց« այն բանէն ետք, երբ Թրամբի կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ մտադիր է Իրանի նկատմամբ նոր ծայրայեղ քայլեր ձեռնարկել:

Ամսագիրը համոզուած է, որ լիբանանցի սիւննիները շահագրգռուած չեն «Հըզպալլա»ի հետ պատերազմի դուրս գալու գաղափարով, հետեւաբար թէ' Լիբանանի մէջ, թէ' միջազգային դիւանագիտական հարթակի վրայ պայքարը բացառապէս քաղաքական հողի վրայ պիտի մղուի:

Յօդուածագիրին համոզմամբ, եթէ Լիբանանի մէջ ընտրութիւնները չյետաձգուին, Հարիրի հանդէս պիտի գայ որպէս ընդդիմութեան ղեկավար, հետեւաբար Հարիրի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ պէտք է յաղթէ, իրավիճակը «Հըզպալլա»ի դէմ շրջելու համար: Սակայն յօդուածագիրն այստեղ հարցադրում մը կը բարձրացնէ. «Եթէ այսպիսին էին Հարիրիի հաշիւները, ուրեմն ինչո՞ւ որոշեց Ռիատէն յայտարարել իր հրաժարականը»:

Նկատի ունենալով ելոյթի ժամանակ Հարիրիի լարուած ըլլալը ամսագիրը կարծիք յայտնած է, թէ վերջինս հաւանաբար ստիպողաբար գացած է այդ քայլին, որպէս Լիբանանի մէջ Ռիատի նոր քաղաքականութեան դրսեւորումներէն մին:

«Եթէ Հարիրի այս քայլը կատարած է Սէուտական  Արաբիոյ հետ համաձայնաբար, եւ ոչ պարտադրաբար, յստակ չէ, թէ յառաջիկային ինչ պիտի կատարուի»,- նշած է ամսագիրը, աւելցնելով, որ եթէ Հարիրի ուզէ ընդդիմադիր  ուժ դառնալ,  հաւանաբար այնտեղ  պէտք է նաեւ քրիստոնեաներ   ընդգրկէ,  սակայն պէտք է նախ Պէյրութ վերադառնայ, իսկ միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիա պէտք է յստակ նախագիծ ունենայ:

Ինչ կը վերաբերի «Հըզպալլա»ին, ան լուրջ մտավախութիւն ունի հաւանական պատերազմի բռնկման, իսկ Հարիրիի հրաժարականը զինք պիտի չյուզէ, այլ պիտի ձգտի սիւննի համայնքէն նոր վարչապետ մը  գտնել, որ ընդունելի   իրեն  եւ    իր դաշնակիցներուն  իրեն համար: