Իրանը յստակ դիրքորոշումներ ունի Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակի եւ տարանցիկ միջանցքներու վերաբերեալ։ Ինչպէս յայտնած է «Irna» գործակալութիւնը, այս յայտարարութիւնն ըրած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նասեր Քանաանին`անդրադառնալով Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուի յայտարարութեան։
Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն յայտարարած է`Թուրքիան կ՚ակնկալէ, որ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք» նախագիծը կ՚իրագործուի մինչեւ 2029 թուականը։
«Մենք մեծ ջանքեր կը գործադրենք տարածաշրջանի երկիրներու մէջ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու համար։ Մենք կ՚ընդգծենք`տարանցիկ համագործակցութեան զարգացումը չի կրնար աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու եւ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային ինքնիշխանութեան խախտման համար հիմք հանդիսանալ»,-ըսած է Քանաանին։
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան երեք տարի շարունակ փաստացի պնդած են, որ իրենց արտատարածքային միջանցք տրամադրուի Հայաստանի Սիւնիքի մարզով՝ Նախիջեւանի Ինքնավարութեան եւ Ատրպէյճանի մնացած հատուածի միջեւ ցամաքային կապ ապահովելու նպատակով։ Իրանը բազմիցս դէմ արտայայտուած է այդ սենարին։