image

Իրանի մօտ ՀՀ դեսպանը այցելած է Արցախ զոհուած Աւետիս Պուլուզեանի մեծ մօր

Իրանի մօտ ՀՀ դեսպանը այցելած է Արցախ զոհուած Աւետիս Պուլուզեանի մեծ մօր

ԻՀ-ի մօտ ՀՀ դեսպան՝ Արտաշէս Թումանեան այցելած է 2020-ի Արցախեան պատերազմին զոհուած Աւետիս Պուլուզեանի ընտանիքը, այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ դեսպանութենէն:

Դեսպանը իր ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնած է Աւետիս Պուլուզեանի մեծ մօր՝ Զապէլ Պուլուզեանին։

Աւետիսի հայրը՝ Արա Պուլուզեան, 1996 թուականին Թեհրանէն փոխադրուած ու հաստատուած է Ստեփանակերտ եւ 1999 թուականին ընտանիք կազմած Անժելա Զաքարեանի հետ, ունեցած երեք զաւակներ՝ Աւետիսը եւ անոր երկու կրտսեր քոյրերը՝ Անուշը եւ Աննան։

Աւետիսը 2018 թուականին ընդունուած է ԵՊԲՀ ընդհանուր բժշկութեան ճիւղը, իսկ 2019 թուականին՝ անցած զինուորական ծառայութեան։

Զոհուած է 2020 թուականի 10 հոկտեմբերին՝ վիրաւոր զինակիցին օգնութիւն ցուցաբերելու պահուն։

ՀՀ դեսպանը խնդրած է Զապէլ Պուլուզեանէն, որ իր ցաւակցութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնէ Պուլուզեաններու ողջ ընտանիքին։