SPRING PR ընկերութեան համահիմնադիր եւ Doing Digital Forum-ի հիմնադիր Տաթեւիկ Սիմոնեան հրաւէր ստացած է անդամակցելու Forbes-ի Հաղորդակցութիւններու խորհուրդին։ Ընտրութեան հիմքը եղած է գործարար ոլորտին մէջ ունեցած ազդեցութիւնը, մասնագիտական փորձն ու ձեռքբերումները։
Forbes-ի Հաղորդակցութիւններու խորհուրդը (Forbes Communications Council) Forbes խորհուրդի մէկ մասն է։ Այն իրենց ոլորտներուն մէջ առաջնորդ-ղեկավարներու փակ համայնք է, որուն կարելի է միանալ բացառապէս հրաւէրով։
«Forbes-ի Հաղորդակցութիւններու խորհուրդին անդամակցիլը մեծ պատիւ է եւ, ըստ էութեան, ռազմավարական հաղորդակցութիւններու ոլորտին մէջ կատարուած աշխատանքի գնահատանք։ Աւելին, ասիկա կարեւոր կարելիութիւն է՝ հաղորդակցելու աշխարհի առաջատար փորձագէտներու հետ, միտքեր փոխանակելու հաղորդակցութեան ոլորտի զարգացումներու մասին եւ մասնակցելու այնպիսի քննարկումներու, որոնք կ՚ազդեն տարբեր շուկաներու մէջ գործարար որոշումներու կայացման վրայ։ Համոզուած եմ, որ այս շարունակական երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը ոչ միայն պիտի հարստացնեն իմ մասնագիտական ուղիս, այլեւ աւելի լսելի պիտի դարձնեն Հայաստանի ձայնը եւ պիտի ամրապնդեն մեր երկրի դիրքը համաշխարհային հաղորդակցութեան օրակարգին մէջ»,– ըսած է Տաթեւիկ Սիմոնեան։
Որպէս Forbes-ի Հաղորդակցութիւններու խորհուրդի անդամ՝ Տաթեւիկ Սիմոնեան նաեւ կարելիութիւն պիտի ունենայ իր հեղինակային փորձագիտական յօդուածները հրապարակելու Forbes.com կայքին վրայ։
Ռազմավարական հաղորդակցութիւններու ոլորտին մէջ շուրջ երկու տասնամեակի փորձի շնորհիւ Տաթեւիկ Սիմոնեան սերտ կապեր հաստատած է մասնագիտական համայնքներու հետ եւ իր ներդրումը ունեցած է արդիւնաւէտ հաղորդակցութեան ռազմավարութիւններու մշակման, միջմշակութային փոխգործակցութեան խթանման եւ ոլորտի չափորոշիչներու զարգացման մէջ։
Տաթեւիկ Սիմոնեան ներկայիս Լոնտոնի մէջ գործող Հանրային կապերու միջազգային միութեան (IPRA) տնօրէններու խորհուրդի անդամ է, ուր կը ներկայացնէ Արեւմտեան Ասիան եւ Մերձաւոր Արեւելքը։ Ան նաեւ Տաւոսի Համաշխարհային հաղորդակցութեան ֆորումի միութեան (WCFA) խորհուրդի եւ Ամերիկայի Հանրային կապերու միութեան (PRSA) անդամ է։
Անոր նշանակալի նուաճումներու շարքին են Doing Digital Forum-ի հիմնադրումը, որ թուային փոխակերպումներու բազմաբնոյթ թեմաները քննարկող եւ լուծումներ առաջարկող միջազգային հարթակ է, ինչպէս նաեւ 2022-ին Նիւ Տելիի մէջ կայացած «PR & Corp Communications» գագաթնաժողովին «Տարուան համաշխարհային PR առաջնորդ» (Global PR Leader) տիտղոսին արժանանալը։