Բողոքի ցոյցի մասնակիցներու դէմ Իրանի կառավարութեան գործողութիւններու եւ երկրին մէջ ցուցարարներու մահուան լոյսին տակ, Գերմանիան, Ֆրանսան, Իտալիան եւ Մեծ Բրիտանիան արտաքին գործոց նախարարութիւններ կանչած են Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանները։
Անոնք իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են ցուցարարներու դէմ կիրառուող բռնութեան վերաբերեալ եւ կոչ ըրած են Իրանի իշխանութիւններուն դադրեցնելու բռնութիւնը սեփական քաղաքացիներու նկատմամբ ու յարգելու անոնց իրաւունքները։
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիո Թայանին նաեւ երկխօսութեան կոչ ըրած է. «Իտալիան միշտ ձգտած է երկխօսութեան, քանի որ այդ կարեւոր է նոյնիսկ մեզմէ հեռու գտնուող վարչակարգերու հետ։ Սակայն երկխօսութիւնը չի նշանակեր հետեւիլ վարչակարգին, որ դաժանօրէն կը ճնշէ իր սեփական քաղաքացիները»,- եզրափակած է իտալական դիւանագիտութեան ղեկավարը։