image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփ Քիեւին կոչ ըրած է շուտով նստելու բանակցութեան սեղանին

Թրամփ Քիեւին կոչ ըրած է  շուտով նստելու բանակցութեան սեղանին

Ժընեւի մէջ փետրուար 17-18-ին Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակներու եռակողմ հանդիպման ընդառաջ Տանըլտ Թրամփ կոչ ըրած է Քիեւին՝ կարելի եղածին չափ շուտ նստելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ։

Նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարած է, որ ամէն ինչ շատ պարզ պիտի ըլլայ։ «Մենք կ՚ուզենք, որ ուքրանացիները բանակցին»,– նշած է Թրամփը։

Յայտնի է, որ երեք երկիրներու ներկայացուցիչները արդէն մեկնած են Ժընեւ։ Ռուսական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ նախագահի օգնական Վլատիմիր Մետինսքին, իսկ ուքրանական պատուիրակութիւնը՝ Անվտանգութեան եւ ազգային պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ռուստեմ Ումերովը։ Ամերիկեան կողմը կը ներկայացնեն Թրամփի յատուկ բանագնացներ Սթիւ Ուիթքոֆը եւ Ճարետ Քուշները։

Աւելի վաղ Թրամփ յայտարարած էր, որ Մոսկուան կ՚ուզէ գործարքի հասնիլ, եւ Վլատիմիր Զելենսքին պէտք է գործէ, հակառակ պարագային պիտի կորսնցնէ կարելիութիւնը։

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարն ալ վստահեցուցած է, որ Ուաշինկթըն ոչ ոքի վրայ ճնշում կը գործադրէ եւ կը ստիպէ խաղաղութեան համաձայնագրի հասնիլ։

«Մենք պարզապէս կ՚ուզենք անոնց օգնել»,– ըսած է Մարքօ Ռուպիոն։