image
Հրատապ լուրեր:

Ռուբէն Վարդանեանը դատապարտուած է 20 տարուան ազատազրկման

Ռուբէն Վարդանեանը դատապարտուած է 20 տարուան ազատազրկման

Պաքուի դատարանը Արցախի նախկին պետնախարար, բարերար Ռուբէն Վարդանեանը դատապարտած է 20 տարուան ազատազրկման։ Հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Նշենք, որ դատախազը պահանջած էր Ռուբէն Վարդանեանը դատապարտել ցմահ ազատազրկման:

Երբեւէ զինուորական պաշտօն չզբաղցուցած Արցախի նախկին պետնախարարը Պաքուն կը մեղադրէ շարք մը յանցանքներու, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի դէմ պատերազմ ծրագրելու, նախապատրաստելու եւ իրագործելու, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, մարդիկ տեղահանելու մէջ: