Ճօ Պայտընի վարչակազմը Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին Լին Թրէյսիի թեկնածութիւնը առաջադրած է: Այս մասին յայտնած է AP-ն։
Վարչակազմի պաշտօնեաները, որոնք ծանօթ են այդ հարցին, ըսած են, որ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ ներկայիս դեսպան Լին Թրէյսին պիտի ներկայացուի Սենատին՝ հազիւ Ռուսիոյ կառավարութիւնը հաստատէ այդ ընտրութիւնը: Դեսպաններու թեկնածութիւնները պէտք է հաստատուին ընդունող կառավարութեան կողմէ՝ դիւանագիտական արարողակարգի կանոններու համաձայն:
Ռուսիան քանի մը շաբաթ առաջ տեղեկացուած է վարչակազմի որոշման մասին, սակայն դեռ չէ տուած պաշտօնական հաստատում, որ դիւանագիտական լեզուով յայտնի է որպէս «ակրեման»,- ըսած են պաշտօնեաները:
Թրէյսին, որ կը տիրապետէ ռուսերէնին, նախապէս Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ աշխատած է Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով բիւրոյին մէջ՝ որպէս Ռուսիոյ գծով աւագ խորհրդական, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան առաքելութեան ղեկավարի տեղակալ եղած է: Ան նաեւ քանի մը պաշտօններ զբաղցուցած է Կեդրոնական եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ: