Աշխարհին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը անարդիւնաւէտ է, մարդիկ պէտք է գտնեն այլ մեքենականութիւն մոլորակի վրայ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու համար:
Այս մասին Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ Պաղեստինին նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովին իր ելոյթի ժամանակ յայտարարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթի։
«ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդ կոչուող վայրը, որ պատասխանատու է աշխարհի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման համար, վերջին իրադարձութիւններու ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարած է իր անզօրութեան, անօգնականութեան եւ անարդիւնաւէտութեան մասին եւ աշխարհի բոլոր մարդոց ապացուցած, որ անոնք պէտք չէ ապաւինին այդ կազմակերպութեան, այլ պէտք է այլ մեքենականութիւն փնտռեն աշխարհի մէջ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու համար»,-նշած է Ռայիսի:
Այնուհետեւ Իրանի առաջնորդը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները ցոյց տուած է, որ ամբողջ աշխարհի անկայունութեան ամենամեծ գործօնն է։
«Ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան յաւակնորդները ցոյց տուին, որ իրենք են մեծագոյն յանցագործութիւններու, ցեղային խտրականութեան եւ մարդկային իրաւանց դէմ յանցագործութիւններու մեղաւորները, եւ բոլորի համար պարզ դարձաւ, որ Միացեալ Նահանգները ոչ միայն կայունութեան գործօն չէ աշխարհի որեւէ մէկ տարածաշրջանի մէջ, այլ նաեւ եղած է եւ կը մնայ անկայունութեան եւ անվտանգութեան բացակայութեան ամենամեծ գործօնը ամբողջ աշխարհի մէջ, ներառեալ` Աֆղանիստանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ աշխարհի այլ կէտերը»,-ըսած է Իրանի նախագահը:
Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթին յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ չի ձգտիր Իրանի հետ պատերազմի եւ Թեհրանին կոչ ըրած էր նուազեցնելու լարուածութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ:
Անոր խօսքով` Միջին Արեւելքի մէջ «Իրանի հետ կապուած» ուժերու կողմէ յաճախակի դարձած յարձակումները կը սպառնան տարածաշրջանի բնակչութեան եւ կը մեծցնեն Իսրայէլի եւ Պաղեստինի հակամարտութեան ընդլայնման վտանգը: