image

Իրան կարեւոր անկիւնադարձի առջեւ. Al Dyar

Իրան կարեւոր անկիւնադարձի առջեւ. Al Dyar

Իրանի քանի մը պետական գործիչներու յայտարարութիւններուն համաձայն, կառավարութիւնը պարտաւոր է շարք մը բարեփոխումներ իրականացնել, որոնցմէ են երկրի պետական պիւտճէի մէջ բարեփոխումներ կատարելու միջոցով ժողովորդի տնտեսական իրավիճակը բարելաւել, վառելանիւթի գիներն իջեցնել ու աղքատ ընտանիքներուն դրամային օգնութիւններ տրամադրել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Միւս կողմէ Իրանական յեղափոխութեան պահակազօրի հրամանատարը յայտարարած է, որ ցոյցերն ու բողոքի ալիքը շարունակուելու պարագային յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պահակազօրը բռնութեան պիտի դիմէ եւ երեք օրուան ընթացքին երկրին մէջ խաղաղութիւն պիտի վերահաստատէ:

Իր հերթին Իրանեան բանակի գլխաւոր հրամանատարը յայտարարած է, որ Իրանի անվտանգութիւնը խախտելու միտող ամերիկեան ձեռքը պիտի կոտրուի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին: