Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան յարաբերութիւնները լաւ մակարդակի վրայ են, ըսած է Իրանի արտաքին գերատեսչութեան մամլոյ խօսնակ Նասեր Քանաանին:
«Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները լաւ մակարդակի վրայ են: Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը կը զարգանան քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ոլորտներու մէջ: Յուսով ենք, որ այդ համագործակցութիւնը կը շարունակուի ընդհանուր շահերու շրջածիրէն ներս»,-ըսած է խօսնակը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցչի հաղորդմամբ, երկու կողմերն ալ ունին կամք՝ այդ նպատակներուն հասնելու համար: