Ինտոնեզիոյ մէջ կոկորդիլոսը կուլ տուած է գետին մէջ լողացող 8-ամեայ տղան, այս մասին կը հաղորդէ Mirror-ը։
Ինչպէս նշած է պարբերականը, երեխան յարձակման ենթարկուած է Ինտոնեզիայի արեւելեան Քալիմանթան նահանգի գետերէն մէկուն մէջ։
Յայտնի է, որ 6 մեթրանոց կոկորդիլոսը յայտնաբերուած է տեղի բնակիչներու կողմէ, որոնք բացած են գիշատիչի փորոտիքը՝ տղուն մնացորդները գտնելու համար։
Համացանցին մէջ յայտնուած սահմռկեցուցիչ քատրերուն մէջ կ'երեւայ, թէ ինչպէս գիւղի բնակիչները կոկորդիլոսի փորոտիքէն կը հանեն երեխայի մարմնի մասերը, մինչդեռ անոր ընտանիքի անդամները կու լան։
Պարբերականի հաղորդմամբ՝ Ինտոնեզիայի մէկ այլ շրջանին մէջ նման դէպք արձանագրուած է նաեւ 2018-ին, երբ կոորդիլոսը կուլ տուած էր 48-ամեայ տղամարդը, որմէ ետք տեղի գիւղացիները դանակներով, մուրճերով եւ մահակներով շուրջ 292 կոկորդիլոս սպանած էին՝ այդպիով «վրէժ լուծելով» իրենց համագիւղացիի մահուան համար։
Տեսանիւթը կրնաք դիտել այստեղ։


Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ