Եւրոպայի արտաքին գործերու խորհուրդի կողմէ յունուար 29-ին ձեռք բերուած քաղաքական համաձայնութենէն ետք, ԵՄ խորհուրդը փետրուար 19-ին պաշտօնապէս որոշած է Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը ներառել ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ԵՄ խորհուրդի մամուլի ծառայութիւնը։
Ցուցակին մէջ ընդգրկուելէ ետք Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը պիտի ենթարկուի նաեւ ԵՄ հակաահաբեկչական պատժամիջոցներու վարչակարգին ծիրէն ներս սահմանափակող միջոցառումներու։ Սա կը ներառէ ԵՄ անդամ պետութիւններու մէջ անոր միջոցներու եւ այլ ֆինանսական միջոցներու կամ տնտեսական պաշարներու սառեցումը, ինչպէս նաեւ ԵՄ տնտեսական գործակալներու կողմէ խմբաւորման միջոցներ եւ տնտեսական պաշարներ տրամադրելու արգիլքը։
«Փետրուար 19-ի որոշումէն ետք, այսպէս կոչուած ԵՄ ահաբեկչական ցուցակին ծիրէն ներս ներկայիս սահմանափակող միջոցառումներու կ՚ենթարկուին 13 անձ եւ 23 խմբաւորում ու կազմակերպութիւն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Յունուար 29-ին Եւրոպայի արտաքին գործերու խորհուրդին կողմէ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչնալու առնչութեամբ ձեռք բերուած քաղաքական համաձայնութենէն ետք, Իրանը ԵՄ երկիրներու բանակները աւելցուցած էր ահաբեկչական խումբերու իր ցուցակին մէջ։ Իրանի խորհրդարանը կոչ ըրած էր երկրէն արտաքսելու եւրոպացի ռազմական կցորդները։