Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝
Չորեքշաբթի, 29 Մարտի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Մեծ Պահոց Արեւագալի վերջին արարողութիւնը: Առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ վերջին Արեւագալի արարողութեան, իր կողքին ունենալով հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանը եւ եկեղեցւոյ Սարկաւագաց դասը:
Արեւագալի վերջին արարողութեան ներկայ եղան Ֆերահեան Ազգային վարժարանի տնօրէնուհին, աւարտական դասարանի աշակերտները եւ անոնց դաստիարակները, որոնք առաջնորդ սրբազանի պատգամին ընդմէջէն հաղորդ դարձան սուրբ հայրերու երկնումով արարուած եկեղեցական դարաւոր շարականներու ոգեշնչող արժէքին եւ Աւագ Շաբթուան խորհուրդին:
Օրհնելէ ետք եկեղեցին լեցուցած աշակերտները, դաստիարակները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը՝ Թորգոմ եպիսկոպոսը Յիսուսի կեանքի վերջին օրերը պարզաբանեց՝ իբրեւ մարդկութեան փրկութեան դժուարագոյն բայց ամէնէն նուիրական ճամբան, որուն աւարտին Յարութեան շէնշող խորհուրդն է, որ պիտի փայլի աշխարհի երկնակամարին վրայ՝ իբրեւ Ս. Զատիկ եւ »մահ«ը կեանքո՛վ յաղթած հոգիներու վերապրումի երկնային խրախճանք:
Արեւագալի արարողութենէն ետք, առաջնորդ սրբազանը մասնակցեցաւ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան պատրաստած Մեծ Պահոց Սիրոյ սեղանին, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: