image

Ինչո՞ւ կ'ատէր պաղեստինցիները

Ինչո՞ւ  կ'ատէր  պաղեստինցիները

Յակոբը կ'ատէր պաղեստինցիները: Անոնց անցեալին  մասին  բան չէր  գիտէր, ըսած էր միայն, որ անոնք Պէյրութը «քար ու քանդ  ըրին»: Գիտէր, որ  պատերազմող  են, խճճուած ու շատ: Հալէպի ծայրամասերուն ալ պաղեստինցիներ կ'ային: Տեսած էր զիրենք, չէր բարեւած, զզուած էր անոնց տեսքէն ու վարքէն: Ու կ'ատէր, կ'ատէր պաղեստինցիները:


Երբ ճերմակ սաւանին մէջ երեխաները փաթթեցին, վէճ մը   սկսաւ  համացանցին վրայ: Վէճը անշուշտ Կազզայի վրայ ինկող հազարաւոր հրթիռներուն մասին չէր, անոնց տեսակին,  հասողութեան, որակին եւ   ուժին մասին չէր:  Այլ՝պաղեստինցիներուն: Անոնց դատին մասին էր   վէճը:


Իրօք, ինչո՞ւ պիտի ատէինք պաղեստինցիները: Ի՞նչ էր պատճառը, որ իմ ծանօթներէս շատ-շատերը կը բարձրաձայնէին, որ անոնք «ծախած»  են  իրենց հողերը եւ հիմա յանուն հողի պայքարի ելած են այդ «ծախուած» հողերուն վերատիրանալու համար:

 

Առաջին անգամ, որ ես Պաղեստին բառին հանդիպեցայ, միջնորդս    ձիթենիի ծառերը չէին, ոչ ալ խաղաղութեան խաբուսիկ ուրուականը, որ ծիածան կը կապէր Երուսաղէմ քաղաքին վրայ:


Յիշողութեանս  մէջ Պէյրութը եւ Երուսաղէմը քոյրեր են, որ միասին կ'արթննան, միասին կ'ապրին, միասին կը ծխեն ու միասին կը նային հայելիին:


Պէյրութը կին է, հաստատ գիտեմ ատիկա:Մազերը կը շտկէ, կը շփանայ, կարճ      փէշ հագած է, անկիւնը կը նստի ու հին վերելակներէն կը վախնայ:


Մոխրագոյն հագած է, յաճախ ճերմակ հարս է: Յաճախ անուշիկ աղջիկ:


Ոտքերը կ'երկարէ կապոյտին վրայ, կը հիանամ իրմով ու յետոյ երազի մը պէս կ'երթայ կը  կորսուի...


Երուսաղէմը տարբեր է: Արիւնոտ  է  բայց վեհ: Չի լար,  կը բխի  հին  խորհուրդէ մը, որուն մէջ են հին  մարգարէներուն   պատուիրանները,  պատուհաններ՝   յոյսի  եւ աղօթքի  եւ  հայոց  վանքի        շքեղ   բուռվարները:


Տարբեր է անոր աղմուկը,  վէրքը տարբեր եւ  ճակատագիրը տարբեր:


Կ'ըսեն, որ Երուսաղէմը աշխարհին կեդրոնն է: Հոն է, որ կ'աղօթես ու աղօթքդ  կը հասնի Աստծոյ  մօտ: Հոն է, որ  կը   խօսին  արեւելքն ու արեւմուտքը: Ջուրը անոր  ոսկի է՝ կ'ըսեն: Եւ անոր Սիոնը    հաւատքի  սուրբ  լեռն է:


 Վերջին անգամ Երուսաղէմի մասին հայու մը բերնէն ելած բառը քաղաքագէտ  Լեւոն Շիրինեանին խօսքն էր:  Ան կ'ըսէր, որ մենք միայն Արարատը չունինք: Մեզի է Սիոն լեռը:


Շիրինեանը կը խօսէր հայկական թաղամասերուն՝ «արմինեըն քորթըր»ին մասին, որուն սրտին վրայ   կանգնած է  կտոր մը Հայաստան՝ Սրբոց  Յակոբեանց վանքը:


Հարուստ է վանքը իր անցեալով,  վանականներով,      դպիրներով:

 

Աշխարհի    չորս   ծագերէն  Երուսաղէմ հասնող   հայ ուխտաւորները  իրենց աչքերը կը բանան Յարութեան  տաճարին  մէջ  ու     երկիւղածութեամբ  կը մօտենան  Տիրոջ գերեզմանին:

Երուսաղէմի   հայկական  թաղամասին մէջ է նաեւ  Քրիստոսի   առաջին   «բանտ»ը, իսկ բանտին կից՝   ձիթենիիի  այն ծառը, ուր կապուեցաւ  Յիսուս  Քրիստոս  հարցաքննութիւենէն առաջ եւ  այդ  ձիթենիին  պտուղները   հրաշագործ    յատկութիւն ունին:


Գիրք է Երուսաղէմը, բառ, աղօթքի վերջին մրմունջ ու աշխարհի    բոլոր գերեզմաններէն դէպի երկինք սլացող խաչերուն փրկութեան միջնորդ:


Անոր համար է նաեւ, որ Երուսաղէմը կին չէ, ոչ  ալ՝ սուրբ կոյս,  Գալֆայեան   ուխտի միանձուհիներուն  նման:


Երուսաղէմը երգ է:


Մարսէլ Խալիֆէի երգերուն պէս, որ  խղճիդ մէջ կը մտնէ, փափուկ կը դառնայ  եւ յիշողութիւնդ պանդուխտի պէս  կը  ճամբորդէ  անոր խաղաղ  ժամերուն   մէջ:


3D ֆիլմ է Երուսաղէմը:   Անոր մէջն ես   դուն՝ ուզես կամ ոչ: Ան քու մէջդ է  ուզես կամ ոչ ու այսպէս ամբողջ կեանք մը մէջ-մէջի կը քալես անոր հետքերուն հասնելու համար:


Երուսաղէմը կին  չէ:


Թիլալ  թաղամասին ծայրերուն էր, ուր  պաղեստինցիները ճանչցաւ, այնքան   թափթփած, փոշի կերած էին անոնց բերանները եւ անէծքը գրաւած էր անոնց բառերը: Աղքատ էին, տնանկ  ու լքուած: Ու այս բոլորէն  անդին,  ան  կ'ատէր  պաղեստինցիները:


Առանց հասկնալու եղելութիւնը, ատելութիւնը հեշտ պարանոց  կը դառնար:  Հեշտ  պարանոց մը,  որ արագ  կ'աճի առանց ջուրի, հեշտ, դիւրին եւ ամենակուլ...


 Ատելութեան պէս է անոնց աչքերուն մէջ եղող կարմիրը: Ո՞վ  բերաւ  զանոնք հոս: Ինչպէ՞ս աճեցան, ինչո՞ւ անոնց ձեռքերուն  վրայ  վէրքեր կային,  որ սպի չդարձան: Ինչո՞ւ սպաննեցին, ինչո՞ւ կրակեցին, ինչո՞ւ կանաչ հագան բոլորը եւ ինչո՞ւ  պոռացին «Մահ Ամերիկային»:


Առանց մտածելու կը շարունակէ ատելութիւնը մեզմէ վեր աճիլ: Մենք տրուած ենք  ատելութեան բախտին: Չունինք ուրիշ ճանաչողութիւն: Մեր վէրքերը իրենց վէրքերուն հետ կը համեմատենք: Ու կը մեռնինք, որ  մեր ատելութիւնը մեզմէ չգողնան:


Պիտի ճանչնայինք իրենց բառը եւ մեր ձեռքերը պիտի բանայինք, որպէսզի  հասկնանք անոնց ուխտին իմաստը: Կամ Մարգարէին մասին չխօսէինք, առանց հասկնալու անոր բառին իրական   ուղին:


 Ապրէինք խաղաղ ու շէնշող ու կեանք մը,  որ   մեր թոքերէն   պիտի վազէր  առանց  սիկարէթներու ծուխերուն:


Բայց չուզեցինք ատիկա:


Պէյրութի Դաշնակցութեան մեծ գործիչներէն մին՝ Աբօ Աշճեանը մեծ յարգանք կը վայելէր պաղեստինցիներուն մօտ: Կը պատմեն, որ չէր եղած  դէպք մը, որ  նոյն ընկեր  Աբօն միջամտէր Պուրճ Համուտի հարեւանութեամբ գտնուող Նապաայի թաղամասերուն մէջ   գտնուող ՊԱԿ-ի զինեալներուն, որպէսզի իրենց մօտ գերի առնուածը ազատ արձակուի: Անոնք ազատ կ'արձակէին, ու մեծ հաշուով կը յարգէին հայերուն: Եղան դէպքեր, որ նոյն պաղեստինցիները հայահոծ շրջաններուն մէջ բախումի բռնուեցան մեր հայկական թաղերը պաշտպանող տղոց հետ, բայց եթէ լիբանանահայութեան մեծ տոկոսին քաղաքացիական պատերազմի  այդ տարիներուն մասին հարց տաս, ապա  անոնք  իրենց լոտանքը պիտի թափեն ոչ թէ պաղեստինցիներուն, այլ յատկապէս  քրիստոնեայ միլիցներուն վրայ, որոնք շատ  «խաղեր խաղալէ»   ետք պատճառ   դարձած  էին տասնեակ հայերու առեւանգման ու նոյնիսկ սպաննութեան:


Այս բոլորը պատմեցի պարզապէս վերլուծելու համար ընկերոջս՝ Յակոբին ատելութիւնը, որ առանց խոր  մտածելու պաղեստինցիները հրէշ կը տեսնէր, մոռնալով, որ անոնք ալ  մեծ  տառապանքներ կրած ժողովուրդի մը  զաւակներն են:


Ճիշդ է, որ այսօր պայքարը այլ հարթութեան վրայ է ու հիմա ընթացող կռիւը Երուսաղէմի որուն պատկանելու-չպատկանելու մասին է, բայց մեծ հաշուով   այս կռիւին երկու կողմերը կը մոռնան, որ իրար կից, իրար հետ ապրող   ժողովուրդներ են:


Ո՛չ հզօր  համարուած  Իսրայէլը, ո՛չ ալ միլիառաւոր իսլամներուն ու անոնց հետ Յակոբին ատած պաղեստինցիները պիտի կարենան մէկզմէկու ոչնչացնել, որովհետեւ ի վերուստ անոնց սահմանուած է միասին արթննալ, միասին սիրել, միասին ապրիլ ու միասին յիշել, որ կեանքը գեղեցիկ է, երբ հոն կը տիրէ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն:


Սագօ Արեան


Մարսէլ Խալիֆէ-  Պաղեստինեան դատը    ներկայացուցած    յայտնի երգիչ, որուն երգերուն մեծ մասը     բանաստեղծ Մահմուտ Տարուիշի         բանաստեղծութիւններն են:

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...