image
Հրատապ լուրեր:

Ինչո՞ւ ԱՄՆ-ի հայ համայնքը ազդեցիկ է իսկ Ռուսաստանինը ոչ. Voice of America-ի Անդրադարձը

Ինչո՞ւ ԱՄՆ-ի հայ համայնքը ազդեցիկ է իսկ Ռուսաստանինը ոչ. Voice of America-ի Անդրադարձը

Թէեւ հայերը Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան բաւականին փոքր տոկոսը կը կազմեն, ԱՄՆ-ի հայ համայնքը երկրի ամենազդեցիկ համայնքներէն մէկն է, կը գրէ «Ամերիկայի ձայնը»:

 

Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսիոյ մէջ, ուր ռուսական իշխանութիւններուն պնդմամբ երկու միլիոնէն աւելի հայ կը բնակի, տեղւոյն հայ համայնքը անկազմակերպ է եւ թոյլ:

 

Հիմնական պատճառներէն մէկը երկրին մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման մակարդակն է, կ′ըսէ վերլուծաբան Արմէն Խարազեանը. «Եթէ պետութեան մէջ յարգուում են մարդու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները, եթէ կայ դրանց գործադրման եւ դրանց պաշտպանութեան ստեղծուած եւ կանոնակարգուած մեխանիզմներ, ապա համայնքն ունի ինքնաարտայայտուելու բաւականաչափ ազատութիւն»:

Միացեալ Նահանգներու շուրջ 700-հազարանոց հայ համայնքը կը կազմէ ԱՄՆ-ի բնակչութեան ընդամէնը 0,4 տոկոսը, սակայն, ճանչցուած է առաւել ազդեցիկ համայնքներէն մէկը: Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ, ուր Վլատիմիր Փութինի պնդմամբ աւելի շատ հայ կը բնակի, քան Հայաստանի մէջ, հայերը կը կազմեն Ռուսաստանի բնակչութեան շուրջ երկու տոկոսը, սակայն, հայ համայնքի ազդեցութիւնը Մոսկուայի վրայ չի զգացուիր:

ԱՄՆ-ի հայ համայնքը անընդհատ ուշադրութեան կեդրոնը կը պահէ երկրի գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւններու աշխատանքը, անհրաժեշտութեան պարագային պահանջներ ներկայացնելով սեփական իշխանութիւններուն կամ քննադատելով զանոնք, կը նշէ Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունին. «Մենք հրապարակայնօրէն քննադատում ենք իշխանութիւններին, երբ դա տեղին է, եւ շարունակում ենք քննադատել այնքան ժամանակ, մինչեւ նրանք անեն այն ինչ ճիշդ է»:

Միացեալ Նահանգներուն մէջ ազգային համայնքները կը դիտարկեն այլ կերպ, կը նշէ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան ներկայացուցիչ Մոնա Եակուպեանը. «Մենք գնալով աւելի ենք համոզուում, որ ազգային համայնքները երկրի զարգացման կարեւորագոյն ներուժ են հանդիսանում»:

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ հայ համայնքին, ան զրկուած է իր պահանջները բարձրաձայնելու հնարաւորութենէն նոյնքան, որքան ՌԴ միւս քաղաքացիները, կը նշէ վերլուծաբանը:

«Ազգային փոքրամասնութիւնները, ինչպէս տուեալ երկրի հասարակութիւն մնացած բոլոր խաւերը, զրկուած են ինքնուրոյն քաղաքական ակտիվիզմ դրսեւորելու հնարաւորութիւնից, չեն կարողանում ինքնակազմակերպուել եւ լսելի դարձնել իրենց ձայնը»,–կը նշէ Արմէն Խարազեանը: