Ակներեւ է, որ Մոսկուա-Անգարա մերձեցումը իր երեւելի շուքը պիտի ձգէ Սուրիոյ մէջ արդէն 5 տարիէ ի վեր շարունակուող պատերազմին վրայ: Մինչ անցեալ շաբաթ մէկէ աւելի աղբիւրներ կը խօսէին Հալէպի մէջ սպասուած «մեծագոյն ճակատամարտ»ի մը մասին, այսօր բացայայտ կը դառնայ, որ ռուսական կողմը հրաժարած է առաջուան նման ծանր հարուածներ տալ, որպէս «չափաւորական ընդդիմութիւն» ճանչցուած խմբաւորումներու դիրքերուն: Բացի Հալէպէն յար եւ նման իրադրութիւն կը տիրէ Լաթաքիոյ լեռնային հատուածներուն մէջ, ուր նոյն ընդդիմութիւնը, օգտուելով ռուսական օդուժին տուած «հանգիստ»էն, յաջողած է նոր դիրքեր վերցնել Ժապալ Քըրատ շրջանին մէջ: Այս բոլորէն անդին երեւելի է, որ օրեր առաջ սկսած Մոսկուա- Անգարա ձնհալը գետնի վրայ այլ իրավիճակներ պատրաստելու ծրագիրներ ունի: Եթէ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքը այսօր ուղղակիօրէն կը կապուի այս նոր դրութեան հետ, ապա պէտք է հաշուի առնել, որ պատկերը ամբողջացնելու համար պէտք է սպասել Ամերիկայի մէջ յառաջիկայ նոյեմբերին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն, ու ատկէ ետք մարմին ստացող քաղաքական նոր ղեկավարութեան մօտեցումներուն: Բացի այդ շատ հաւանական է, որ մինչեւ նոյեմբեր Սուրիոյ ճակատներուն վրայ եղող «Սթաթուս Քո»ն կը շարունակուի եւ զինուորական մեծ քայլեր չարձանագրուին: Անգարայի ղեկավարութիւնը ամէն ճիգ պիտի ընէ վերստին շահելու այն միաւորները, որոնք կորսուած էին անցնող երկու տարիներուն ու յատկապէս Ռուսիոյ բանակին Սուրիոյ մէջ ըրած միջամտութիւնէն ասդին: Հիմա հարցումը, որ կը տրուի հետեւեալն է՝ ո՞ր կողմին ի վնաս պիտի ըլլան յառաջիկայ զարգացումները եւ Իսրայէլ, որուն Անգարայի հետ սկսած «սիրաբանութեան» ատենը բնաւ ալ պատահական չէ, յառաջիկային ըլլալիք այդ «պազարներուն» մէջ արդեօ՞ք իր սուղ արժող պահանջները դրած է, կամ՝ ոչ: