image
Հրատապ լուրեր:

Միացեալ Նահանգներու նոր պատժամիջոցները Մոսկուային պիտի ստիպեն բարդ ընտրութիւն կատարել․ Սպիտակ տան ներկայացուցիչ

Միացեալ Նահանգներու նոր պատժամիջոցները Մոսկուային պիտի ստիպեն բարդ ընտրութիւն կատարել․ Սպիտակ տան ներկայացուցիչ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր պատժամիջոցները Մոսկուային պիտի ստիպեն բարդ ընտրութիւն կատարել. որոնք զգալիօրէն պիտի նուազեցնեն Ռուսիոյ եկամուտները, յայտարարած  է Սպիտակ տան ներկայացուցիչ Ճոն Քըրպի։

Ան յիշեցուցած է, որ անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ սահմանած է ռուսական դրամատուներու նկատմամբ, ինչ որ ծանր ազդեցութիւն ունեցած ռուսական ուժանիւթի ոլորտին վրայ։

Նշենք, որ օրերս, Միացեալ Նահանգներ առաջին անգամ ըլլալով ամենակոշտ պատժամիջոցները սահմանեց ռուսական խոշորագոյն նաւթային ընկերութիւններուն դէմ։