image

Ի՞նչ Կը Կատարուի Թուրքիոյ Մէջ/Սայիթ Չէթինօղլու

Ի՞նչ Կը Կատարուի Թուրքիոյ Մէջ/Սայիթ Չէթինօղլու

Յունիսի 7-ին Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւններ, այսպիսով հասկանալի պիտի դառնար ընտրուող բռնապետի գոյութիւնը:Չնայած ոչ օրինական պալատին մէջ բնակող անձը մինչեւ հիմա չէ հրաժարած այս ցանկութենէն: Ընտրութիւններէն ետք, ազգայնամոլներու համախմբուած Ազգային Շարժում Կուսակցութեան անվճռական վերաբերմունքէն քաջութիւն ստացող Էրտողանը, կրնանք ըսել որ նշեալ իրավիճակը կը փորձ է  գրոհումներ կատարելու առիթի վերածել: Վերջին օրերուն կատարուող իրադարձութիւնները կարելի է համարել Էրտողանի, Յունիսի 7-ի վրէժը լուծելու համապատասխան քայլերը:

  Ատոր համար ալ՝  Աք Սարայ  (Սպիտակ Պալատ- Խմբ.՝ «Արեւելք») կոչուող փախստական պալատը բնակող  անձը կը փորձէ արագացնել քաղաքացիական յեղափոխութեան անուան տակ հարուած հասցընել երկրին: Արդէն իշխանութիւնը կը նմանի քարտուղարութեան ապարատի (կառավարական համակարգ-Խմբ.՝ «Արեւելք»): Այսպիսով, առանց իշխանութեան կառուցուածքի կը փորձէ անսովոր իրավիճակը սովորականի վերածել:  Ընտրութիւններէն անմիջապէս առաջ խորհրդարանէն ներս ընդունուած անվտանգութեան օրէնքի արդիւնքով ոստիկանութիւնը ստացեր է չափազանց հնարաւորութիւն եւ արգիլուեր է ընդդիմադիրներու հրապարակներու վրայ բողոքելու իրաւունքը: Նման ցոյցերը անվտանգութեան ուժերու կողմէկը պատժուին խիստ վերաբերմունքով եւ կը կազմակերպեն համապատասխան քայլեր: Ամենափոքր հանրահաւաքի կամ բողոքի ցոյցին կը հոսի արիւն: Ամենավատը այն է, որ այս ոչ սովորական երեւոյթը արդէն վերածուեր է սովորական դէպքի:

 

Ընդդիմութեան ոչ կազմակերպուած տեսքը, Էրտողանը կ'օգտագործէ իր օգտին: Պարտութիւն կրելով հանդերձ յունիսեան ընտրութիւններուն, ան երկիրը կը զրկէ իշխանութենէ: Բացի այդ, կ'երկարացնէ իր իշխանական օրերը, անհրաժեշտ է յիշեցնել, որ երկրէն ներս օրինական իշխանութիւն չկայ:

 

«Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութիւնը կորսնցուցած  է խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, բայց ընտրութիւններէն կարճ ժամանակ անց Ազգային Ժողովը փակուեցաւ ամառային արձակուրդի պատճառաբանութեամբ: Ընդդիմադիր ուժերը ներկայ պահուն չեն կրնար  ցուցաբերել իրենց գործունէութիւնը:

 

Տարածաշրջանի վրայ շարունակուող պատերազմը վերջին ժամանակաշրջանին հզօրացուցած է Էրտողանի քաղաքական մարտականութիւնը: Իսլամական Պետութեան դէմ պայքարելու անուան տակ Էրտողանը հնարաւորութիւն գտած է Սուրիոյ մէջ համախմբել ծայրայեղ կրօնականներուն եւ յարձակիլ տալ Ասատի իշխանութեան վրայ: Արդէն Էրտողանի ղեկավարած Թուրքիան չէ հրաժարած Իսլամական Պետութեան հետ գաղտնի համագործակցելու մքտքէն: Հարկ է նշել, որ Թուրքիոյ արեւմտեան դաշնակիցներու հետ մասնակցած օդային յարձակումներու հիմքը կը կազմէ՝ ծայրայեղ կրօնականներու կորսնցուցած տարածքներու վերագրաւումը: Նման ծայրայեղ կազմակերպութիւնները առանց Թուրքիոյ օգնութեան չեն կրնար պայքարիլ Դամասկոսի իշխանութիւններուն դէմ: Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան բնակավայրեր՝ Իտլիպ եւ Ժըսր Շըղուրը, Թուրքիոյ ռազմական օգնութեան շնորհիւ անցեր է իսլամիստներու հսկողութեան տակ: Այսօր Ճարապլուսի մէջ կատարուող ռազմաօդային միջամտութիւնը կը նախատեսէ իսլամիստներուն կրկին հզօրացնել եւ գրաւելու հնարաւորութիւն տալ Թուրքիա-Սուրիա սահմանային գօտին: Այս մէկը կարելի է անուանել նաեւ Եավուզ Սուլթան Սելիմի արաբական աշխարհ կրկին մուտքը: Ռազմաօդային յարձակումէն մի քանի օր առաջ ապօրինի պալատէն ներս բնակուող Էրտողանը այցելութիւն  տուած էր Օսմանցիներու թագաւորներէն Եավուզ Սուլթան Սելիմի գերեզմանը, որ ունի սիմպոլիք իմաստ: Թուրքիոյ ռազմաօդային յարձակում կատարած բնակավայրի վրայ մօտաւորապէս 500 տարի առաջ տեղի ունեցած է Մարժ Տապէքի ճակատամարտը, ընդ որում Օսմանցիները յաղթանակ ձեռք բերելով մուտք գործած  էին արաբական աշխարհ: Չնայած ան իր պահանջախնդրութիւնը վերջին ժամանակաշրջանին կը փարատէ ապօրինի պալատէն ներս ղեկավարած Ուրբաթ օրեայ Ամիր Ալ-Մումինին-ի աղօթքներով: Բայց ան չի հրաժարիր իր  Միջին Արեւելքի ղեկավարը ըլլալու երազէն:

 

Ռազմաօդային միջամտութիւնը կը շոյէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ ծայրայեղ ազգայնամոլ եւ իսլամիստ բնակչութեան սիրտը: Այդ մէկը կը նշանակէ, Էրտողանի որոշած ժամկէտին, նախատեսուող ընտրութիւններուն անոնց աջակցութիւնը ստանալ:

 

Բացի այդ՝ այս միջամտութիւնը քրիստոնեաներու տեսանկիւնով կը նշանակէ 1915 թ.-ի ցեղասպանութիւնը կրկին տեղափոխել Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս:

 

Հարկ է ուշադրութիւն դարձնել նաեւ այլ իրականութեան: Էրտողանը դաշնակից ուժերու հովանոցի տակ հնարաւորութիւն ստացած  է PKK -ի դէմ պայքարելու: Ան PKK -ի դէմ պայքարելով կը փորձէ անոնց ուժերը քրէականացնել: Բայց անհրաժեշտ է յիշել, ընդ որում ապօրինի պալատը բնակող անձին ուժ  պարգեւած  է է նաեւ PKK -ի չհաշուարկուած քայլերը: Այս քրէականացումը իր հետ կը բերէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու հասկացողութիւնը: Քրտական Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութիւնը նշեալ ճնշումներու պատճառով  կրնայ կորսնցնել իր ուժն ու համբաւը: Այդ մէկը կը նշանակէ ամբողջ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն քաշել այս ճնշուածութեան տակ: Ռազմաօդային միջամտութեան առաջին օրէն արդէն արգիլուած  է ընդդիմութեան համացանցային կայքէջերու հասանելիութիւնը, համացանցերու օգտագործումը եւ դանդաղած  է համացանցը: Մենք կը խօսինք այն երկրի մասին, ուր զուարճանալու համար հարսանիքի գացող երիտասարդներ ձերբակալուած  են բողոքի ցոյցի մասնակցութեան յանցանքով: Այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ կը բարձրանայ քաղաքական լարուածութիւնը եւ կը մեծնայ մարդկային կորուստներու թիւը:

 

Վերը  նշուած ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անուան տակ ժողովուրդի հանդէպ կ'օգտագործուի չափազանց ուժի կիրառում եւ արագօրեն կը պատրաստուի պատերազմային մթնոլորտ:

 

Այս իրավիճակէն ելլելով կարելի է ըսել, որ բռնութիւնը աստիճանաբար կը տարածուի, այլեւս հնարաւոր չէ խօսիլ  հաւասարակշռուած քաղաքական քայլերու եւ խաղաղութեան մասին: Արդէն ուժգնութեան օրերուն կողմերը ցանկութիւն չունին լսել մտաւորականներու ձայնը:

 

Այնուամենայնիւ անհրաժեշտ է օգտագործել խաղաղութեան լեզուն: Խաղաղութիւնը պահպանելու ցանկութիւն ունեցող անձինք պէտք է զերծ մնան   բռնութիւն ն պարունակող նախադասութիւններէն, որ Էրտողանին կը տեղափոխէ բռնատիրութեան գահը:

 

Ժողովուրդի ցանկութեան հակառակ պատերազմային իրավիճակը, հրաժարուող իշխանութեան կեանքը կ'երկարացնէ: Ապօրինի պալատը բնակող անձի քարտուղարութիւնը կը շարունակէ նոր բանաձեւերու կիրառումը: Գաղտնի կերպով ընդունուող ռազմական միջամտութեան որոշումը առիթ կը հանդիսանայ պատերազմի ընթացքին հարստանալու ցանկութիւն ունեցող Էրտողանի կողմնակիցներուն: Թուրքիան կը գտնուի վտանգաւոր ընտրութեան առաջ: Կամ ընտրուած քաղաքացիական բռնատիրութիւն կամ ալ ժողովրդավարութիւն: Թուրքիան պէտք է ընտրութիւն կատարէ սեւի եւ սպիտակի միջեւ: Ժողովրդական ընդդիմութիւնը ունի Էրտողանի այս վտանգաւոր խաղը աւերելու ուժ, հասունութիւն եւ վճռականութիւն:

 

Այս վճռականութեան արտայայտութիւնն էր  Կէզի Այգիի  դէպքերը:           

 

 

 Սայիթ Չէթինօղլու