image

Թուրքիոյ կողմէն Հայաստանի հետ սահմանային գիւղի մը մէջ ականազերծման աշխատանքներ կը կատարուին

Թուրքիոյ կողմէն Հայաստանի հետ սահմանային գիւղի մը մէջ ականազերծման աշխատանքներ կը կատարուին

Թուրքիոյ Կարսի նահանգի գիւղերէն մէկուն մէջ՝ հայ-թրքական սահմանի մօտ, արդէն 20 օր է` ականազերծման աշխատանքներ կը տարուին։ Այս մասին յայտնած է թրքական «Կարս» թերթը՝ չնշելով տեղեկութեան աղբիւրը։

Ականզերծման աշխատանքները կ'իրականացուին Կարսի նահանգի Աքիաքա շրջանի Իպիշքէոյ գիւղի մօտակայքը։ Աղբիւրը կը գրէ, որ ականազերծման աշխատանքներով կը զբաղի իսրայէլեան ծագում ունեցող ընկերութիւն մը։ Այն կը ներկայացուի որպէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու արդիւնք։

Թրքական լրատվամիջոցը նաեւ կ'ընդգծէ, որ պաշտօնական տեղեկատուութիւն այս մասին չկայ։