image

Ատրպէյճանական կողմը մերժած է Սարգիս Խանդանեանի առաջարկը

Ատրպէյճանական կողմը մերժած է Սարգիս Խանդանեանի առաջարկը

Ատրպէյճանի Միլի Մեճլիսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը մերժած է Սարգիս Խանդանեանի առաջարկը։ Այս մասին Խանդանեան յայտնած է X-ի իր էջին։

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեան մարտ 20-ին ատրպէյճանցի պաշտօնակցին առաջարկած էր յանձնաժողովներու հանդիպում կայացնել՝ հաշուի առնելով խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի շուրջ բանակցութիւններու աւարտը։

«Իմ ադրբեջանցի գործընկերը հրապարակայնօրէն մերժել է խաղաղ համաձայնագրի նախագծի շուրջ կարծիքների փոխանակման հանդիպման մասին իմ առաջարկը՝ ինձ անգամ «պոպուլիստ» անուանել: Եթէ խաղաղութեան քարոզչութիւնը պոպուլիզմ է, ապա ես հպարտօրէն ընդունում եմ այդ պիտակն այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է»,- գրած է Խանդանեան:

Խանդանեան նշած է, որ իր առաջարկը կը մնայ սեղանին։

«Ես պատրաստ եմ ներգրաւուել միջխորհրդարանական մակարդակով վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներում՝ անխոնջ աշխատելով մեր տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան համար»,- գրած է ան։

Առաջարկն ընելու ժամանակ Խանդանեանը յոյս յայտնած էր, որ դրական արձագանգ պիտի ստանայ։