image

Շաբաթ Օր Բողոքի Ցոյց Պիտի Կատարուի Լոս Անճելոսի Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին Դիմաց

Շաբաթ Օր Բողոքի Ցոյց  Պիտի Կատարուի  Լոս Անճելոսի Թուրքիոյ  Հիւպատոսարանին Դիմաց

 Յառաջիկայ Շաբաթ օր 19  Դեկտեմբերին  Լոս Անճելոսի    Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին  դիմաց  բողոքի ցոյց պիտի կայացուի:Նշենք, որ    հաւաքը կազմակերպուած է  քաղաքի քիւրտ  եւ հայ երիտասարդութեան    կողմէ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն   «Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան» (ՀԵԴ) երիտասարդները: Յիշեցնենք, որ Տիարպէքիրի փաստաբաններու պալատի նախագահ Քիւրտ իրաւապաշտպան Թահիր Էլչի սպաննուած  էր  28 Նոյեմբերին      փաստաբաններու հետ իր ունեցած հանդիպման ժամանակ: Քիւրտ      իրաւապաշտպանին սպաննութիւնը բողոքի մեծ ալիք ստեղածած էր  Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու   եւ յատկապէս Պոլսոյ եւ Տիարպէքիրի  մէջ: