image
Հրատապ լուրեր:

Արմէն Գրիգորեանն ու Հիքմեթ Հաճիեւը համատեղ քննարկման պիտի մասնակցին

Արմէն Գրիգորեանն ու Հիքմեթ Հաճիեւը համատեղ  քննարկման պիտի մասնակցին

Ապրիլ 22-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը Յունաստանի Հանրապետութեան Տելֆի քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի «Տելֆի տնտեսական համաժողովին»-ին։ Այս մասին կը հաղորդեն Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակէն։

Ֆորումի ծիրէն ներս Արմէն Գրիգորեանը Յունաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Թանոս Տոքոսի, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի եւ Մոլտովայի Հանրապետութեան նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Սթանիսլաւ Սեքրիերուի հետ պիտի մասնակցի «Ռազմավարական բաժանարար գիծեր. հակամարտութիւններու կառավարում եւ դիմակայունութեան ձեւաւորում Եւրոպայի արեւելեան հարեւանութեամբ» խորագիրը կրող փանելային քննարկման։