Օրեր առաջ Լիբանանցիք անգամ մը եւս յիշատակեցին 2020 թուականին մայրաքաղաք Պէյրութը ցնցած աղէտալի պայթումի զոհերը։
Այդ զոհերէն էր նաեւ երիտասարդ հայուհի Ճէսիքա Պէզճեանը, որուն մայրը կարճ տեսանիւթի մը ճամբով պատմած է «Երազներ ունեցող Ճէսիքային մասին։
Լիբանանեան MTV կայանին կողմէ պատրաստուած տեսանիւթի սղագրութիւնը կը ներկայացնենք «Արեւելք»ի մեր ընթերցողներուն, այդպիսով բաժնեկից դառնալով սփիւռքի հայութեան սիրտ համարուող պէյրութահայութեան վշտին։
«Մեր Ճէսիքան իր կեանքը ծրագրաւորած էր, եւ քայլ առ քայլ կ՚իրականացնէր իր երազները։ Կ՚ըսէր.«Ինքնաշարժ պիտի գնեմ, պիտի ճամբորդեմ, մաքիստրոսս պիտի ընեմ...։Կը նստէինք ընտանեօք եւ կը զրուցէինք՝ իր եւ քրոջը հետ։ Օրինակ կ՚ըսէի. «Այս հագուստը հագիր, քեզի շատ կը վայլէ»։ Ան կը պատասխանէր՝ «Երբ քոյրս ամուսնանայ, պզտիկները քովդ պիտի բերէ, որպէսզի ես ու ինք շուկայ երթանք, իս դուն երեխաներուն հոգ պիտի տանիս։ Կարելի չէ տեսնել այս կառավարութեան պահուածքը՝ հանգիստ եւ ուրախ։ Ես չէի՞ փափաքէր, որ աղջիկս՝ հարսանեկան հագուստով հիմա հոս ըլլար։ Կարծես, թէ մենք իրենց համար միայն թիւ ենք՝ ճատրակի քարեր։ Լիբանանի ժողովուրդը քիչ մը եսակեդրոն եւ մեզմէ շատեր «Կարեւորը ես կրցայ փրկուիլ».- կը մտածէ»։
Իսկ Ճէսիքայի հայրը կը պատմէ ՝ «Վերջին շրջանին, Ճէսիքան կը ծրագրէր մաքիստրոսը աւարտել եւ եւ Յունաց («Ռում» հիւանդանոց) հիւանդանոցին հետ կնքած պայմանագիրը ամբողջացնել ետք, եղբօրս եւ քրոջս մօտ ՝ Ամերիկա երթալ։ Ծրագրած էինք 2021-ին Պարշէլոնա ճամբորդել եւ այցելել «Սաքրա Տէլլա Ֆամիլիա» -ն, բայց ափսոս չիրականացաւ իր երազը։ Ափսոս՝ ես կեանքիս երջանկութիւնը կորսնցուցի։ Բայց ես այս մարդոց կ՚ըսեմ. «Ո՞վ է յաջորդը»։ Ամէն տեղ պայթումներ կրնան պատահիլ։ իբանանի մէջ մարդոց խաւ մը կայ, որոնք «կիսաստուածներ» են, կամ՝ օրէնքէն վեր են։