image

Հորմուզով ազատ անցում՝ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի դեսպանները վտարող երկիրներուն

Հորմուզով ազատ անցում՝ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի դեսպանները վտարող երկիրներուն

Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը յայտարարած է, որ իւրաքանչիւր պետութիւն, որ իր տարածքէն կը վտարէ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները, պիտի ստանայ Հորմուզի նեղուցով ազատ անցման իրաւունք։ Զինուորականներու այս յայտարարութիւնը տարածած է իրանական ISNA գործակալութիւնը։

«Իւրաքանչիւր արաբական կամ եւրոպական երկիր, որ իր տարածքէն կը վտարէ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները, իսկոյն յաջորդ օրը պիտի ստանայ Հորմուզի նեղուցով ազատ տեղաշարժելու լիակատար իրաւունք»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։