image

Ի զուր թող չանցնի մեզնից մի գնդակ...

Ի զուր թող չանցնի մեզնից մի գնդակ...

Սագօ Արեան

 

Կռուեցէք տղերք, կռուեցէք քաջ քաջ,

 

Անվեհեր կանգնած թշնամուն առաջ,

 

Ցանկալի է մեզ միշտ ազնիւ մահը,

 

Հեռու մեզանից ոսոխի ահը:

 

Յառաջ խիզախենք իբրեւ նահատակ,

 

Ի զուր թող չանցնի մեզնից մի գնդակ:

.....

 

Բացառիկ այս երգը, մենք երգած ենք իմ ծննդավայր Պուրճ Համուտի նեղ թաղերուն մէջ, առանց գիտակցելու, առանց մտածելու, սիրելով ու հայելով մեզմէ աւելի մեծ տղոց ձեռքերուն եղող քալաշնիքովներուն։ Գնդացիրներ, որոնց ծայրերուն տղաքը կը փակցնէին, այդ օրերու մեր հանդիսական երեկոներուն տրուած սթիքըրները ՝ «Յարատեւ կռիւ», «Մինչեւ յաղթանակ», «Ազատենք Հրայրը» եւ այլ բազմապիսի լոզունքներով։

Աւելի վերջ, տարիներ անց աւելի մեծ փորձով, աւելի վեհ զգացումներով կ՚ապրէինք Լիբանանեան պատերազմի ողջ «փորձութիւն»ն ու ականատես կ՚ըլլայինք վսեմական մեր ընկերներու նահատակութեանը, մարտի տարբեր դաշտերուն վրայ...

Ըսելիքս ինչ է, ոչ ոք կը մտածէր, որ Խանասորի գործողութեան համար գրուած այս երգի իրական իմաստը տարիներ ետք, (Լիբանանեան պատերազմի տարիներէն գրեթէ 35 տարիներ անց) պիտի փոխադրուէր դէպի ճակատ, դէպի Արցախ եւ

նոր մարմին ստանար մեզի եւ մեր Հայաստանին համար մինչեւ վերջին կաթիլ արիւնը կռուելու պատրաստ հերոսական զինուորներուն ու կամաւորներուն անպարտելի կամքին, եւ անյաղթ ոգիին հետ...։

 

Պատմութիւնը, իրաւամբ ինքզինք կը կրկնէ...

 

Յառաջ խիզախենք իբրեւ նահատակ

Ի զուր թող չանցնի մեզնից մի գնդակ։