image

Ամերիկահայերու բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին (Տեսանիւթ)

Ամերիկահայերու բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին (Տեսանիւթ)

Լոս Անճելըլսի հայերը արդէն 5-րդ օրն է՝ կը շարունակեն բողոքի ցոյցերը` Լաչինի միջանցքի շրջափակման վերջ տալու եւ Արցախի մէջ խորացող մարդասիրական ճգնաժամը կանխելու նպատակով։ Անոնք նստացոյց յայտարարած են եւ կը պահանջեն միջազգային հանրութենէն կոշտ արձագանգ տալ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն։

Ցոյցի մասնակիցները կը պահանջեն նաեւ, որ քոնկրեսական Ատամ Շիֆը պաշտօնապէս մամուլի ասուլիս հրաւիրէ, եւ անձամբ երթայ Լաչինի միջանցք եւ մեկնաբանէ այնտեղէն տեղի ունեցածը։

«Ժամանակն է հաւաքուելու, որ մեր դիմաց եղած այն մարտահրաւէրները, որոնք ունինք, որպէս մաքուր հայրենասէրներ, կարողանանք մեր պահանջը հասցնել պատկան մարմիններուն»,- յայտարարած է ցոյցի մասնակիցներէն մէկը։

Յիշեցնենք, որ հայ համայնքի ներկայացուցիչները երէկ փակած էին Կլենտէյլ-Պըրպանք մայրուղին եւ հանդիպում պահանջած են ԱՄՆ քոնկրեսական Ատամ Շիֆի հետ: