Սուրիական արմատներով Լիբանանցի երգչուհի Սամիրա Թաուֆիք ողջ առողջ է։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեցին լիբանանեան աղբիւրներ, որոնք Թաուֆիքի ողջութեան մասին իրենց տուեալները հիմեցին անոր քրոջ դստեր՝ Լինա Ռատուանի կատարած մէկ գրառման վրայ։
Աւելի վաղ Լինա Ռատուան կոչ ըրած էր ԶԼՄ-ներուն, որպէսզի սուտ լուրեր չտարածեն իր մօր մահուան մասին։
Ան մասնաւորապէս գրառած էր ՝«Ի սէր Աստծոյ սուտ լուրեր մի տարածէք»։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ 86-ամեայ Թաուֆիք, կը համարուի արաբական «պատվին» (գիւղաշրջիկ) երգերու առաջատար երգչուհի։ Անոր աստղը փայլած է 70-ականներէն սկսեալ եւ ան երգելէ բացի մասնակցութիւն բերած է Լիբանանի մէջ նկարահանուած եւ արաբական միջնադարը ներկայացնող տասնեակ տեսաշարերու մէջ։
Ներկայ ժամանակներուն Թաուֆիք բնակութիւն հաստատած է Յորդանանի մէջ, վայելելով տեղի արուեստասէր հանրութեան սիրոյն եւ գուրգուրանքին։
Սամիրա Թաուֆիք ծնած է Սուրիոյ Սուայտա շրջանը 1935-ին եւ ան կը սերի հայկական արմատներէ։