Հունգարիոյ ուժանիւթային ճգնաժամ կը սպառնայ ռուսական նաւթի մատակարարման հարցով Ուքրանիոյ կոշտ դիրքորոշման պատճառով՝ գրած է Politico-ն:
Պարբերականը նշած է, որ յունիսին Քիեւ պատժամիջոցներ սահմանած է «Լուքօյլ» ընկերութեան դէմ եւ արգիլած իր տարածքով նաւթի տարանցումը Կեդրոնական Եւրոպա: Հաղորդուած է, որ անոր պատճառով մօտ ժամանակներս Հունգարիան կրնայ դէմ յանդիման գտնուիլ ուժանիւթի գիներու աճի եւ ելեկտրականութեան պակասի, քանի որ նաւթի ներմուծման 70 տոկոսը բաժին կ'իյնայ Ռուսիոյ, իսկ անոր կէսը՝ «Լուքօյլին»:
Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթըր Սիարթօ Ուքրանիոյ այսպիսի որոշումն անուանած է «անհասկնալի եւ անընդունելի»: Նշուած է, որ Պուտափեշտ ԵՄ-ի մէջ պիտի բարձրացնէ Ուքրանիոյ կողմէ Ռուսիոյ Դաշնութենէն նաւթի մատակարարումն արգիլելու հարցը: