image

Քիւրտերու ճգնաժամը Աթաթուրքէն մինչեւ Էրտողան

Քիւրտերու ճգնաժամը Աթաթուրքէն մինչեւ Էրտողան

Պատմականօրէն Քիւրտերու տարածքը բաժնուած է Օսմանեան կայսրութեան և պարսիկներու միջև (1639 թ. Զահաբ-Քասր Շիրին)ի դաշնագրով. Սեւրի դաշնագրով 1920 թ. քիւրտերու համար սահմանուեցաւ ինքնավար շրջան մը Թուրքիոյ արևելեան և հարաւ-արևելեան կողմը, սակայն 1923 թ. Լոզանի դաշնագիրը Սեւիրը չեղեալ համարեց, այնուհետեւ քիւրտերու տարածքը բաժանուեցաւ չորս մասի՝ Թուրքիոյ, Իրանի, Իրաքի և Սուրիոյ միջև: Անոնք մնացին առանց պետութեան, եւ ներկայիս անոնց թիւը մօտ քառասուն միլիոն է, որուն մօտ կէսը կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ:

1890 թ.,Սուլթան Ապտուլ Համիդ II-ը ստեղծեց Համիդեան հեծելազօրքը որ մեծամասնութեամ քիւրտերէ կազմուած էր. անոնք միշտ հալածեցին և կոտորեցին Օսմանեան կայսրութեան Արևելեան մասին մէջ ապրող հայերուն եւ ի մասնաւորի Համիդեան ջարդերու ժամանակ 1895 թ.։ Ապտուլ Համիդի տապալումէն ետք Համիդեան հեծելազօրքը անցան «Իթթիհատ վա Թերաքքի» կուսակցութեան հրամանատարութեան տակ, որոնք պահպանեցին անոնց, իրենց նպատակները իրականացնելու համար հայերու դէմ. անոնք 1915 թ. հայկական ջարդերը իրագործեցին։

Պատերազմէն ետք քիւրտերը աջակցեցան Աթաթուրքին եւ մինչև նոր հանրապետութիւն հռչակելը Աթաթուրքը կը խօսէր քիւրտերու և թուրքերու շահերու միասնութեան մասին, երբ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ստեղծուեցաւ ան այլևս քիւրտերու աջակցութեան կարիքը չունէր, եւ իր քաղաքականութիւնը փոխեց քիւրտերու դէմ։

Աթաթուրքի նոր սահմանադրութիւնը կախուեցաւ միայն թուրքական ինքնութենէն, իսկ քիւրտերը հոն կոչուեցան լեռնային թիւրքեր։ Ան արգիլեց քիւրտերը իրենց ազգային լեզուէն օգտուին մշակութային բնագաւառներուն մէջ, ինչպես նաև քիւրտերէն թերթերու հրատարակութիւնը, նաև քաղաքական կուսակցութիւններ կազմելը, եւ այդ բոլորը պատճառ դարձաւ քիւրտերու ապստամբութիւնը պետութեան դէմ.

Շէյխ Սաիտ Պիրան.

Շէյխ (Սաիտ Պիրանի)ի ապստամբութիւնը 1925 թ. իր տեսակին մէջ առաջինն էր Թուրքիոյ քիւրտերու ազգային պատմութեան մէջ. անոր շուրջ հաւաքուած էին աւելի քան կէս միլիոն մարդ, սակայն ապստամբութիւնը չյաջողեցաւ, և (Շէյխ Սաիտ)ը ու շատեր մահապատիժի ենթարկուեցան, հարիւրաւոր քիւրտական գիւղեր այրուեցան: Քիւրտերու մնացած ունեցուածքը թալանուեցաւ թուրք զինուորներու կողմէ։

 

Զօրավար (Իհսան Նուրի փաշա)

(Շէյխ Սաիտ)ի ապստամբութիւնը տապալումէն ետք Արարատ Լեռի շրջանը (1927-1930 թթ.) ծայր առաւ «Աղրիի- Արարատի ապստամբութիւն»ը՝ գեներալ Իհսան Նուրի փաշայի գլխաւորութեամբ, որ Օսմանեան բանակի քիւրտ սպաներէն էր, ան մեծ զանգուածային ապստամբութիւն յայտարարեց թուրքական պետութեան դէմ, հոն մեծ դեր խաղցան Պետրխանները Խոյբունի (Անկախութիւն) Կուսակցութեան միջոցաւ, որոնք հայերուն կողմէ ալ օգնութիւն ստացան. Այդ շրջանի մէջ քիւրտական պետութիւնհռչակուեցաւ, սակայն երկար չտեւեց . Զօրավար Իհսան Նուրին Իրան ապստամբեցաւ. թուրքական ուժերը այրելցին քիւրտական գիււղեր՝ սպաննելով անոնց գիւղացիներուն ապստամբութեան պատկանելու մեղադրանքով, իսկ մնացածներուն տեղահանեցին իրենց տարածքներէն։

 

Շէյխ Սէյիտ Ռեզա

1934-ին Թուրքիոյ մէջ յայտարարուեցաւ վերաբնակեցման օրէնք մը, որ իբր պէտք է նպաստէր երկրի մշակութային միատարրութեանը, մինչդեռ նպատակը քիւրտերուն (Տերսիմ)էն, (ներկայիս Թունջելի) տեղափոխելն էր այլ շրջաններ:Քիւրտերը մերժեցին օրէնքը, և (1937-1939 թթ.) տեղի ունեցաւ (Տերսիմ) ի ապստամբութիւնը (Շէյխ Սէյիտ Ռեզայի) ղեկավարութեամբ. Աթաթուրքը տասնեակ հազարաւոր զինեալներ ուղարկեց ապստամբութիւնը ճնշելու համար, ռազմական ինքնաթիռներ ալ օգտագործուեցան. զանգուածային սպաննութիւններ տեղի ունեցան և տասնեակ հազարաւոր մարդիկ զոհուեցան, տուներ քանդուեցան. Աւելի քան 10000 քիւրտեր տարհանուեցան։ Վերջերս, Էրտողանը ներողութիւն խնդրեց Տերսիմի ջարդերու համար և Աթաթուրքի կուսակցութիւնը պատասխանատու համարեց անոնց համար։ Տերսիմի մէջ մեծ թիւով իսլամացած հայեր ալ կային եւ տակաւին կան։

 

Աբտուլլահ Օջալան

Քիւրտերու դէմ ձուլման, ճնշելու, կանխարգիլելու քաղաքականութիւնը աւելի սաստկացաւ (1960, 1971, 1980) տարիներու ռազմական յեղաշրջումներու արդիւնքով, ուր պետութիւնը շարունակեց հետևիլ քեմալական մօտեցումներուն Քիւրտերու դէմ:

Քիւրտական ազատագրական շարժումը չաւարտուեցաւ Տերսիմի յեղափոխութեան աւարտով. Քիւրտերու և թուրքական կառավարութեան միջև հակամարտութիւնը արմատացած էր, և լուծում չկար։ կառավարութիւնը չընդունեց քիւրտական խնդրի գոյութիւնը եւ անոնց դէմ շարունակող միտումնաւոր շովինիստական գործելաոճը պատճառ եղաւ նոր կուսակցութեան մը մէջտեղ գալուն, ուր1978 թ. Աբտուլլահ Օջալանը հիմնադրեց Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը (PKK), որ կը շարունակէ քիւրտական ազատագրական շարժումը:

Մինչեւ ներկայ ժամանակները, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ սպաննուեցան և հազարաւոր քիւրտական գիւղեր քանդուեցան, զոհերու թիւը 40 հազարը անցած է, մեծամասնութեամբ քիւրտեր, քանդուած գիւղերը 4 հազարէն աւելի են, եւ աւելի քան 20,000 մարդ անհետացած է ու հարիւր հազարաւոր քիւրտեր կառավարութիւնը տեղահանած է եւ վերաբնակեցուցած է արեւմտեան Թուրքիոյ շրջանները։

 

Թուրքութ Օզալ

Թուրքութ Օզալը, որ կ’ըսուի թէ քիւրտական ծագում ունի, իշխանութեան հասաւ Նոյեմբեր 1898-ին, եւ 1991-ին որոշեց մասամբ թուլացնել քիւրտերու օգտագործման սահմանափակումները, եւ ներում շնորհեց բանտարկեալներուն։ Կառավարութեան և քիւրտերու միջև անուղղակի բանակցութիւնները տեղի ունեցան 1993 թ. Իրաքցի քիւրտ ղեկավար Մամ Ջալալ Թալապանիի միջնորդութեամբ և 1993 թ.,

երկու կողմերու միջև կռիւը դադրեցաւ, սակայն 1993 թ. Օզալի յանկարծակի մահը արիւնալի բռնութեան նոր փուլի ծայր տուաւ։ Կռիվը դադրեցնելու երկրորդ փորձը եղեր է 1997 թ. Թուրքիոյ նախագահ Նեջմետտին Էրպաքանի կառավարման ժամանակ, որ իսլամական հակումներ ունէր, բայց այն նոյնպէս ձախողեցաւ, երբ բանակը տապալեց Էրպաքանի իշխանութիւնը:

 

Պոլանտ-Էջևիթ

Օջալանը ձերբակալուեցաւ 1999 թ. Քենիայի Նայրոպի քաղաքին մէջ և բանտարկուեցաւ Թուրքիոյ Մարմարա ծովի Իմրալի կղզիի մէջ։ Քանի մը ամիս դատավարութենէն ետք դաւաճանութեան և անջատողականութեան համար մահապատիժի ենթարկուեցաւ։ Մահուան դատավճիռը 2002թ. Փոխարինուեցաւ ցմահ ազատազրկմամբ, որմէ ետք բանակցութիւններ եղան Օջալանի և Պոլանտ-Էջևիթի կառավարութեան միջև, առանց արդիւնքի, որմէ ետք ընդհատուող բանակցութիւնները տեղի ունեցան Արդարութիւն և Զարգացում Կուսակցութեան կառավարութեան հետ. Այստեղ պէտք է յիշել, որ բանակցութիւնները կ’ընթանային թուրքական կառավարութեան ներկայացուցիչներու և Օջալանի միջև։ 2009-2011 թթ. Օսլոյի մէջ բանակցութիււններ տեղի ունեցան սակայն դադարեցան երեք քիւրտ կադրերի սպանութեան պատճառով։

 

Ռէճապ Թայիպ Էրտողան

2012 թ. Ռէճապ Թայիպ Էրտողանը յայտարարեց Օջալանի հետ խաղաղ բանակցություններու մասին իր բանտին մէջ, իսկ 2013 թ. Օջալանը ուղերձ յղեց իր հետևորդներուն՝ հրամայելով վար դնել զէնքերը և լքել  թուրքական տարածքը. մարտիկները շարժուեցան դէպի Իրաքի Քանտիլ լեռները, սակայն հրադադարը աւարտուեցաւ 2015թ. Սուրիոյ իրադարձութիւններէն ետք, ինչպէս նաև թուրքական ռազմական ինքնաթիռներու կողմէ հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիսանի օդային հարուածներու պատճառով։

Սուրիոյ մէջ 2012 թ. քիւրտական «Ժողովրդավարական Միութիւն» Կուսակցութիւնը ստեղծեց ինքնակառավարման շրջաններ Քամիշլիի, Քոբանիի և Աֆրինի մէջ։ 2015 թ. ՏԱԻՇ-ի ահաբեկիչները սպաննեցին տասնեակ քիւրտեր, Սուրուճ քաղաքի մէջ, որ կը գտնուի Թուրքիոյ սահմանի մօտ՝ Քոբանիի Այն ալ Արաբ քաղաքի դէմ: Քիւրտերը անոր դէմ Ուրֆայի մէջ երկու թուրք ոստիկաններ սպաննեցին, թուրքական օդային հարուածները՝ Սուրիոյ քիւրտ զինեալները թիրախ ըրին PKK հետ կապ ունենալու պատրուակով:

Քիւրտերը 2015 թ. յաջողեցան 78 անդամ ունենալ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ անցնելով անհրաժեշտ ձայներու 11 տոկոսի շեմը խորհրդարան մտնելու համար, PKK-ի աջակցութեանբ (մինչդեռ Թուրքիան և արևմտեան շատ երկիրներ ան կը դասեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին)։ Սակայն Քիւրտքաղաքական գործիչներու բոլոր յայտարարութիւնները կը որակուի որպէս դաւաճանութիւն, և անոնցմէ քանիներ ներկայիս բանտարկուած են, ի միջի այլոց նախկին ղեկավար Սելահատին Դեմիրթաշը. Թուրքիան քիւրտաբնակ Տիարբեքիր և Սուր քաղաքները վերածեց ուրուական քաղաքներու, եւ մօտ 100 ընտրուած քիւրտ քաղաքապետներ պաշտօնէ հեռացուց և անոնց փոխարէն «Արդարութիւն և Զարգացում» Կուսակցութեան հոգաբարձուներ նշանակեց։

Քիւրտական ինքնութիւնը թրքացնելու բոլոր փորձերը ոչ մէկ արդիւնք տուին:

Հաղորդակցական միջոցները և ընկերային ցանցերու օգտագործումը, ինչպես նաև արբանեակային հեռուստատեսութիւնը կարևոր դեր խաղցան քիւրտհասարակութիւը իրար կապելու. Թուրքիոյ վայրագ քաղաքականութիւնը աւելի յայտնի դարձաւ քիւրտական համայնքին և միջազգային հանրութեան համար:

Էրտողանը տարբեր ձևերով կը փորձէ պահպանել իր դիրքերը Սուրիոյ հիւսիսային տարածքին մէջ, այսինքն՝ Քիւրտերու շրջաններու մէջ, և կը պայքարի քիւրտերու դէմ յանուն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, մինչդեռ իր դաշնակից Ամերիկան քիւրտերը կը համարէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարող ամենամեծ աջակիցները:Իսկ Իրաքի հիւսիսային կողմերը գրեթէ ամէնօրեայ կրակոց եւ թուրքական ռազմական ինքնաթիռներով հարցակումներ տեղի կ’ունենան, եւ  վերջերս Թուրքիան սպառնաց իրաքցի Սիլեմանիայի քիւրտ առաջնորդ Պաֆըլ Թալաբանին դադրեցնել իր աջակցությունը PKK-ին, ուր ան կը նկատուի Իրանի ծրագիրը իրագործողը PKK-ին աջակցելու կապակցութեամբ:

Բայց ինչո՞ւ է այս բոլորը: Ի վերջոյ ի՞նչ պիտի շահի Թուրքիան:

Պատասխանը յայտնի է:

Թուրքիոյ համար քիւրտական շարժման վերջ տալն է, որ կը թուի անկարելի է :

Եթէ քիւրտերը պատմական այդ մեծ սխալը չնէին եւ թուրքերուն հետ Չհալածէին, չկոտորէին հայերը, եւ մասնակից չըլլային 1915 թ. Հայկական ջարդերու իրագործման, ներկայիս իրենց եւ մեր վիճակը ուրիշ ընթացքի մէջ պիտի ըլլար։

 

Ճրտգ. Համբարձում  Աղպաշեան

-------------

Los Angeles – June 2024