image

««Հողին պիտի նայիս, որ հողն ալ քեզի նայի» կ՛ըսէին».Յակոբ Չոլաքեան

««Հողին պիտի նայիս, որ հողն ալ քեզի նայի» կ՛ըսէին».Յակոբ Չոլաքեան

 Բնիկ Քեսապահայ  մտաւորական  Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝ 

 

Քեսապէն բարեկամ մը կը խօսէր՝ յայտնելով, թէ խնձորի ծերացած այգին արմատախիլ ըրած է, խնձորէն բարիք ակնկալել դժուար է այլեւս։

— Ի՞նչ ըրիր հողը,— հարցուցի,— ի՞նչ տնկեցիր։

—Վերադարձանք մեր հայրերու օրուան, ցորեն ցանեցի,— պատասխանեց բարեկամս։

Ու ինծի յիշեցուց հաւատալիք մը. մարդիկ աշնանացանի կ’երթային նուռ մը տանելով իրենց հետ, եզները կը լծէին, արօրի ձողը կը կապէին լուծին, նուռը կը կտրէին, կէսը կ՛ուտէին ու միւս կէսն ալ կը խառնէին սերմացուին ու կը ցանէին։

Սա ըսել էր, որ հասակ նետող ցորենի հասկը նռան չափ անհաշուելի հատիկներ ունենայ։

— Ուրեմն բերք ու բարիք կը սպասես,- կ՛ըսեմ։

— Հողին պիտի նայիս, որ հողն ալ քեզի նայի,— կը պատասխանէ բարեկամս։

— Երկինքէն ողորմութիւն, հողէն առատութիւն կը մաղթեմ ու կը յիշեմ, որ Փետրուար ամսուն կը սկսէր նաեւ գետանախնձորի (փաթաթէս) տնկումը, մարդը կը տնկէր առաջին սերմը, «Եա սուլուրուօծ Սուրբ Սարգիս» ըսելով, այսինքն «Բերնէ բերան լեցուն Սուրբ Սարգիս», մաղթելով որ մէկ հատիկ սերմէն դոյլ մը գետնախնձոր հանէր գարնանավերջին։ Տեառնընդառաջի խարոյկէն կիներ աման մը մոխիր կը բերէին ու անոր մէջ բակին մէկ անկիւնը դդումի կուտ մը կը դնէին՝ հաւատալով որ անոր մէկ հատիկ դդումը այնքան կը մեծնայ, որ բաւէ այդ տարուան բոլոր նորափեսաներուն կորկոտապուրի մը հետ դդմապուր մըն ալ կերցնելու։

Էհ, այդպէս էին մարդիկ, «Հողին պիտի նայիս, որ հողն ալ քեզի նայի» կ՛ըսէին։

Նկարը՝ Ճորճ Սաղտըճեանի