image

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Հայեր բոլոր երկիրներու, միացէ՛ք (Ազգային մայիս 1-ի առիթով)

Խմբագրական «Ազդակ»ի. Հայեր բոլոր երկիրներու, միացէ՛ք (Ազգային մայիս 1-ի առիթով)

Հայրենիքին դիմագրաւած գոյութենական սպառնալիքի ներկայ օրերուն, արուեստական կրնայ հնչել մայիսմէկեան խորհուրդին աւանդական հասկացողութեամբ անդրադառնալը: Դասակարգային պայքարներուն, աշխատաւորներու իրաւազրկումներուն, դրամատիրութեան յաղթարշաւին եւ ընդհանրապէս սենտիքայական շարժումներու տեղատուութիւններուն մասին գրելը կրնայ նոյնիսկ կեղծ օրակարգի տպաւորութիւն ձգել: Այլ խօսքով, պարզապէս մայիս 1-ը նշած ըլլալու եւ մամլոյ անդրադարձ կատարելու պարտականութիւն կրնայ ընկալուիլ:

Հայկական մայիս 1-ը ոչ միայն աշխատաւորներու իրաւունքներու, աշխատանքի ժամերը յարգելու, զանոնք չշահագործելու, արդար վարձատրութիւն ապահովելու կամ քաղաքացիական իրաւունքները լիարժէք յարգելուն կը վերաբերի, այլեւ ամբողջ ժողովուրդի մը իրաւազրկումին ահազանգը կը հնչեցնէ:

Արցախի ժողովուրդը իրաւազրկուած է: Ցեղային զտումի ենթարկուած է, բռնի տեղահանուած է, զրկուած է բնօրրան դառնալու իր իրաւունքէն: Իրաւազրկումը այս պարագային ոչ միայն անվտանգ, ազատ ու անկախ ապրելու սկզբունքին կը վերաբերի, այլեւ հիմա՛ վերադարձի: Անվտանգութեան նոր երաշխիքներով ապահովուած վերադարձի:

Չէ յարգուած Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: Անտեսուած են ժողովրդավարական հիմունքով կայացած հանրաքուէները, Սահմանադրութեան որդեգրումը, ազատ քուէարկութեամբ ընտրուած ղեկավարութիւնը առեւանգուած է ու պատանդուած: Ոտնահարուած են բոլոր տեսակի իրաւունքները:

Իրաւազրկուած կը շարունակենք մնալ մենք իբրեւ հաւաքական հայութիւն, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը չէ հատուցուած: Անոր հետեւանքները չեն վերացած: Հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքները չեն վերականգնած ու համայն հայութեան իղձերը չեն կենսագործուած:

Թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Արեւմտահայաստանի ուղղութեամբ մեր իրաւունքներու վերականգնումի առաջադրանքները սահմանադրական իրաւականութիւն ստացած էին Անկախութեան հռչակագիրով եւ մանաւանդ անոր յղումով Սահմանադրութեան:

Մեր գոյաբանական սպառնալիքին կը ցցուի նաեւ այսօրուան իշխանութիւնը, որ այլապէս կը նպաստէ հայութեան իրաւազրկումներու թղթածրարի ստուարացումին: Հանրային կարծիք կը փորձուի ձեւաւորել, որ Սահմանադրութիւնը պատերազմի յայտարարութեան համազօր իրաւադրոյթներ ունի, որոնք պէտք է վերացնել: Հայութիւնը կ՛իրաւազրկուի Արարատէն, իր պատմական հայրենիքէն:

Հայութիւնը այս օրերուն կը զրկուի իր բնակավայրերէն, իր գիւղերէն: Ազրպէյճանը կը շարունակէ ներխուժուած պահել հայաստանեան գերիշխան տարածքներ: Կը սպառնայ նոր իրաւազրկումներ իրականացնել, եթէ հայկական կողմը չընդունի իր թելադրած պայմանները:

Մայիս մէկը միայն իրաւազրկումներու արձանագրման օր չէ: Մայիս 1-ը իրաւունքներու վերականգնման համար պայքարելու խորհուրդ ունի: Այդ խորհուրդը միայն հարստապետական կարգերու դէմ պայքարիլը չէ: Միայն հարստութիւն կուտակած եւ ժողովուրդ շահագործած ցեցերուն դէմ մաքառիլը չէ: Միայն աշխատաւոր դասակարգի իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը չէ:

Իրաւական պետութիւնը Սահմանադրական դրոյթներու տէր կանգնող, սահմանադրականօրէն ամրագրուած մեր իրաւունքներու վերականգնման համար պայքարող պետութիւնն է: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները ամուր պահող պետութիւնն է: Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն սատարող եւ արտաքին քաղաքականութեան ճանաչումի առաջադրանքը ներառած պետութիւնն է: Արցախը Հայաստանին միաւորելու առաջադրանքով անկախացած պետութեան իրաւաժառանգորդն է:

Մայիս 1-ը ներկայ պայմաններուն մէջ կը վերիմաստաւորուի այս հրամայականներով: Իբրեւ ազգ իրաւազրկուած ենք նաեւ ազգային պետականութիւն ունենալու իրաւունքէն: Ազգային պետականութեան վերականգնման համար անհրաժեշտ է ամբողջական համախմբում:

Կարգախօսը, ուրեմն, կը վերաձեւակերպուի` «Հայեր բոլոր երկիրներուն, միացէ՛ք»:

 

«Ազդակ»