Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր ճեպազրոյցի ժամանակ լրագրողի խնդրանքով մեկնաբանած է մայիսէն կառոյցի մեկնաբանութիւններուն մէջ հնչող հետեւեալ յայտարարութիւնը՝ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը շատ մօտ է, համաձայնութիւնը հասանելի է»:
Լրագրողը հետաքրքրուած է՝ ինչ կը նշանակէ այդ եւ արդեօք որեւէ յստակ ժամկէտ կայ:
Միլլըր հրաժարած է խօսիլ ժամկէտի մասին, սակայն ըսած է.«Ես կ'ըսեմ՝ ինչ մենք նկատի ունինք, երբ ըսենք, որ (խաղաղութիւնը/համաձայնագիրը) հասանելի է: Այդ կը նշանակէ, որ անոնք զգալի առաջընթաց գրանցած են շարք մը հարցերով: Վերջին հանդիպման ժամանակ անոնք նուազեցուցած են դեռ չլուծուած հարցերու թիւը։ Եւ այսպէս, մենք կը կարծենք, որ լուծում պահանջող խնդիրներու թիւի նուազման լոյսին տակ, համաձայնագիրը հասանելի է, բայց այդ կը ներառէ, ի հարկէ, որ երկու կողմերն ալ պատրաստ ըլլան փոխզիջման», -ըսած է Միլլըր։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ առայժմ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում նախատեսուած չէ: