Հոկտեմբերին Իսրայէլը հարուածած էր Սուրիոյ մէջ ռուսական «Հմէյմիմ» ռազմակայանի մօտ, որու վերաբերեալ Ռուսիոյ զինուորականները նախազգուշացում ըրած են Իսրայէլին՝ յայտարարելով նման գործողութիւններու անթոյլատրելիութեան մասին։ Այս մասին ըսած է Սուրիոյ հարցերով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լավրենթեւը։
Որոշ տուեալներով`Իսրայէլը հարուածը հասցուցած է պահեստի մը կամ տարածքի մը, «Հմէյմիմ»ի անմիջական հարեւանութեամբ:
«Մեր զինուորականները, բնականաբար, յանդիմանութիւն ըրած են իսրայէլեան կողմին, հետագային նման գործողութիւններու անթոյլատրելիութեան վերաբերեալ, որոնք կրնան վտանգել այնտեղ գտնուող ռուս զինուորականներու կեանքը։ Ուստի յոյս ունինք, որ հոկտեմբերեան այդ իրադարձութիւններն այլեւս չեն կրկնուիր», – աւելցուցած է Լավրենթեւը։
Իսրայէլը հոկտեմբեր 1-էն «Հըզպալլա»ի ուժերու դէմ ցամաքային գործողութիւն կ՚իրականացնէ Լիբանանի հարաւին մէջ եւ կը շարունակէ օդային ռմբակոծութիւնները հարեւան երկրին մէջ, ուր արդէն զոհուած է աւելի քան հազար մարդ, այդ շարքին՝ շիա շարժման առաջնորդներ։ Աւելի քան 90 հազար մարդ փախստական դարձած է: Հակառակ կորուստներուն, այդ շարքին՝ հրամանատարական կազմէն, «Հըզպալլա» ցամաքային մարտեր կը մղէ եւ չի դադրեցներ Իսրայէլի տարածքի հրթիռակոծումը: