image

Երեւանի մէջ. ՀՄԸՄ-ի միջ Դիւանական 11-րդ խորհրդաժողով 

Երեւանի մէջ. ՀՄԸՄ-ի միջ Դիւանական 11-րդ խորհրդաժողով 

ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄԻՋ-ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ 11-ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ ԵՒ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-Ի 35-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 106-րդ տարեդարձին զուգադիպող շաբաթավերջը, 15-17 Նոյեմբերը, ձեռնարկներով եռուն պիտի ըլլայ Երեւանի մէջ։ 16 եւ 17 Նոյեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի պիտի ունենայ միութեան միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովը, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի 19 շրջաններէ 36 մասնակիցներու։ Խորհրդաժողովը պիտի քննէ միութեան վերջին շրջանի գործունէութիւնը (Եւրոպայի ցամաքամասի Ա. բանակում, սկաուտական խմբապետական Թ. համագումար, քարոզչական առցանց Բ. համագումար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արցախ հիմնադրամ»ի աշխատանքներ եւ այլն) եւ մօտէն ծանօթանայ յառաջիկայի աշխատանքներուն (Ամերիկեան ցամաքամասի Ա. բանակում, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղեր, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումի նախապատրաստութիւններ, նաւապտոյտ եւ այլն)։

Խորհրդաժողովին պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 15 Նոյեմբերի առաւօտեան, Եռաբլուրէն։ Նոյն օրը, երեկոյեան, Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն հանդիպումը՝ հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպումը պիտի ծառայէ 106-ամեայ միութեան աշխարհասփիւռ աշխատանքներուն ծանօթացման եւ փոխադարձ գործակցութեան կապերու հաստատման։ 

Շաբաթ, 16 Նոյեմբերի երեկոյեան, տօնակատարութեամբ մը պիտի նշուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 106-ամեակը եւ Հայաստանի մէջ վերընձիւղման 35-ամեակը։ Իսկ Կիրակի, 17 Նոյեմբերին, խորհրդաժողովին մասնակիցները պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդ եւ Էջմիածին, ուր յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի մահացած եւ նահատակուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յիշատակին։ Յետմիջօրէին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ պիտի կատարէ 35-ամեակի սկաուտական ձեռնարկ։   

Յայտնենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական խորհրդաժողովները քառամեայ դրութեամբ տեղի կ’ունենան 1985-էն ի վեր, սակայն առաջին անգամն է, որ անոնք կը կազմակերպուին Երեւանի մէջ, Հայաստան։