Հարաւային Նորվեկիոյ Տրամըն համայնքին մէջ կը շարունակուի պայքարը մեծ հրդեհին դէմ։ Նախորդ օրը բռնկած հրդեհը արդէն աւերած է Քրոքսթատելվա գիւղին մէջ գտնուող 100-է աւելի բնակելի տուն եւ տարածուած է մօտակայ անտառը։
Դէպքի վայրին մէջ գործած են 12 հրշէջ մեքենայ եւ երկու ուղղաթիռ, իսկ եւս չորս հրշէջ ուղղաթիռ դէպի տարածք ուղղուած են։ Մօտ 400 տեղացի բնակիչ տարհանուած է։ Տասը մարդ ծուխէն թունաւորուած է, որոնցմէ երկուքը փոխադրուած են հիւանդանոց։ Մէկ ոստիկան եւս թեթեւ վնասուածքներ ստացած է։
Յուլիս 18-ի առաւօտեան Վեսթֆոլտ շրջանի միջհամայնքային հրշէջ ծառայութիւնը «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է, որ հրդեհը վերահսկողութեան տակ է։ Այնուամենայնիւ, հրդեհաշիջման աշխատանքները պիտի շարունակուին ամբողջ օրուան ընթացքին, քանի որ տակաւին հրդեհի քանի մը օճախներ կը մնան թէ՛ բնակելի տարածքներուն, թէ՛ անտառին մէջ։