Ատրպէյճանի մէջ ծնողները բողոքի ալիք բարձրացուցած են զինուորներուն այցելութիւններու սահմանափակման որոշման պատճառով: Այս մասին տեղեկացուցած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է զինուորներու հարազատներու՝ զօրամասեր այցելելու ժամանակաւոր սահմանափակումներուն մասին։ Որոշման նպատակը, ըստ գերատեսչութեան, շնչառական հիւանդութիւններու տարածման կանխարգիլումն է։
Սակայն այդ որոշումը յարուցած է ծնողներուն եւ հարազատներուն դժգոհութիւնը։
Որոշ ծնողներ փորձած են նոյնիսկ անցնիլ զօրամասի դարպասները՝ պահանջելով հնարաւորութիւն ստանալ տեսակցելու իրենց որդիներուն հետ։